Պէյրութի պայթումին առաջին տարելիցին, աղէտին հետեւանքով զոհուած ամէնէն փոքր նահատակի ՝ Իսհակի մայրը, աւստրալիացի՝ Սարա Քոփլանտը թուիթըրեան իր էջին հրապարակած է որդւոյն նկարը ու անոր կից գրառում կատարած է:
«Երկու տարի առաջ փոխադրուեցանք Պէյրութ: Երբ Նիւ Եորքի մէջ ինծի տեղակացուցին, թէ աշխատանքիս բերումով պէտք է Պէյրութ տեղափոխուիմ, զանազան պրպտումներ կատարեցինք գիտնալու այնտեղի ապրելակերպը, անշուշտ միշտ առաջնահերթութիւն նկատելով մեր փոքրիկին հանգստութիւնը: Կապ հաստատեցինք մեր բոլոր ընկերներուն հետ, որոնք Պէյրութ ապրած են:
Ուսումնասիրեցինք բժշկական համակարգը, անվտանգութիւնը, միջազգային դպրոցները, նոյնիսկ ոճիրներու տոկոսը մեր բնակարանի ու աշխատավայրի շրջակայքի թաղամասերուն մէջ: Ամէն ինչի մասին մտածեցինք, բացի այն, որ հսկայական ռումբ մը «կը քնանայ» մեր մէջ»,- գրած է Սարա Քոփլանտը:
Նիւթը՝ Lebanonon կայքէն