image
Հրատապ լուրեր:

Չեղաւ մարզպետ. Գրեց՝ Գերշ. Տ. Նորվան արք. Զաքարեան

Չեղաւ մարզպետ. Գրեց՝ Գերշ. Տ. Նորվան արք. Զաքարեան

Սիրելի՛ Մարզպետ, անուշ բարեկամ, չեղա՜ւ…Գիտէինք, որ յիշողութիւնդ կրծող ճարահատ հիւանդութեան հետ հաշտուած էիր, բայց բնաւ չէինք կարծեր, որ այսքան շուտ կրնար պատահիլ մեկնումդ այս աշխարհէն: Այդ ե՞րբ էր, դեռ երկու շաբաթ առաջ չէ՞ր, որ խօսեցանք իրարու հետ հեռաձայնային կապով, երրորդ հատորիդ` «Թեւաբեկ հրեշտակներու քաղաքը» գրքիդ վերադասաւորման մասին, եւ տպագրութեան վերաբերեալ մտահոգութիւններդ կ՛արտայայտէիր: Ի՞նչ եղաւ յանկարծ, որ այսպէս անակնկալօրէն մեկնեցար:

Սարսափելի՛ բացակայութիւն…

Այս պահուն տրտմագին մտածումներով կ՛ոգեկոչեմ անցեալի մեր քաղցր յուշերը: Ուրկէ՞ սկսիմ, Թոմարզա թաղի ընկերային խաղերէ՞ն, թէ՞ Թրատ թաղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դպիր-ուրարակիր տարիներէն, երբ կիրակի առաւօտները կ՛անցնէիր մեր տունէն, եւ միասին կ՛ուղղուէինք դէպի եկեղեցի, խորանին վրայ պատարագիչ քահանային սպասարկելու, պաշտամունքի խորհուրդին հաճոյքը առնելով, մանաւանդ քշոցին կամ բուրվառի բոժոժներուն հնչուն ձայներուն քաղցրութեան վայելքով: Չեմ կրցած հաստատ գիտնալ հոգեւոր հրճուանքիդ  ակունքը: Բխո՞ւմ մըն էր ցեղին առհաւական ձայնէն, թէ՞ մրմունջէն բարեպաշտ մօրդ` ազնուասիրտ տիկին Մարիամին սրտէն բխող աղօթքներուն:  Յամենայն դէպս եկեղեցապաշտ հաւատացեալ մըն էիր` յափշտակուած  հայ շարականագիրներու աղօթքներէն ու երգերէն: Չմոռցար երբեք, Աւագ հինգշաբթիի շարականներէն «Արծաթսիրութեամբ մոլորեալ»-ը, որ կրնամ ըսել` առանցքը կը կազմէր հոգեւորապաշտութեանդ:

Մարզպե՛տ, սիրելի՛ս, առեղծուածային էր տոհմային բնաւորութիւնդ: Քեզի պէս համբաւաւոր համալսարանաւարտ գիտնական մը, որ մօտէն կը հետեւէր հասարակական կեանքի զարգացումներուն, արդիական նորութիւններուն, գիտական յայտնաբերութիւններուն, ինչպէ՞ս կրնայիր այդքան տոհմային ըլլալ բնաւորութեամբ: Առեղծուած մըն էր ինծի համար:

Կը յիշեմ, երբ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը կը յաճախէիր, երբ արդէն սկսած էիր մտաւորական մարդու կայծեր արձակել, անկէ ետք` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ուսանողութեանդ տարիներուն… Տոհմային վարք ու բարքիդ մէջ ոչ մէկ խաթարում արձանագրուեցաւ: Հօր կամ տան մեծաւորին խօսքը մնաց միշտ անվիճելի ճշմարտութիւն, ինչ որ երբեք մտածման առարկայ չէր կրնար դառնալ, այլ միայն` հնազանդութեան: Անփոփոխելի սրբութիւն էր քեզի համար ընտանիքի նուիրապետական կարգ ու կանոնը:

Առեղծուածային  բնաւորութեանդ արդիւնքն էր նաեւ առեղծուածային հայասիրութիւնդ: Դժուար է բնորոշել զայն: Սա չափը կրնամ ըսել, որ ամէն սէր, ընկերային, կրթական, արուեստի, գրականութեան, քաղաքականութեան, ընտանեկան, հայկական պրիսմակէն պէտք էր անցնէր, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնց ընդհանրականութիւնը ընկալելու կարողութիւնը եւ շնորհը լաւագոյնս ունէիր: Անոնք, որոնք պիտի նախաձեռնեն, վաղը միւս օր, գրական վաստակդ սերտելու` եռահատոր գիրքերուդ ընդմէջէն, որոնց  շարքը կոչեցիր «Քաղաքներու կախարդանքը», վստահաբար աննշմար պիտի չանցնին այս երեւոյթին վրայէն:

Մարզպե՛տ, սիրելի՛ս, եթէ առեղծուածային էր հայասիրութիւնդ, առասպելային էր միանգամայն սէրդ հայրենի հողին հանդէպ, հայրենասիրութիւնդ: Դո՛ւն` Պուրճ Համուտի Նոր Թոմարզա թաղի տղայ, թաղը չէիր ապրեր, հոն կը բնակէիր: Ըսեմ` հանգուցեալ հայրիկիդ` նահապետական Սահակ Մարկոսեանի պատմութեան հետքերով, տեւապէս փոխադրուած էիր Ծամնդաւ աշխարհ, Թոմարզայի Ենիճէ գիւղին մեծ հայրիկներուդ արտերը, կը շնչէիր այդ արտերուն բոյրը վառման, սնանելով այդ հողերուն աւիշով, իսկ ես բնաւ չէի հասկնար` ինչպէ՛ս կրնայիր սա առասպելային աշխարհը, առանց ճիգ թափելու, այնքան ապրելի, շօշափելի իրականութեան վերածել: Նախնիներուդ առհաւական ձա՞յնն էր արդեօք, որ քեզմէ անկախ կը թրթռար…

Հարկ է կանգ առնել հոս, Մարզպե՛տ, այլապէս Ենիճէի արտերը պիտի երկարին մինչեւ Տորա, ելակի դաշտերը, ուր ամրան երեկոները կ՛երթայինք միջոցին մէջ տարածուած ելակին բոյրը ծծելու: Չշարունակեմ: Թէ ոչ պիտի բարձրանամ Պիքֆայայի բլուրները, Այն Աշուշէն անցնելով` պիտի ուղղուիմ դէպի Զղրին, Թղրին, Տհուր Շուէր… Եւ դեռ թէ ոչ պիտի ուղղուիմ դէպի Ատլանտեանէն անդին` Պոսթըն, Նիւ Եորք, Քալիֆորնիա` մեր աղուոր պատմական օրերը պատմելու:

Վերջապէս ծանր էր լուրը, երբ Յարութը` եղբայրդ, հեռախօսեց ըսելու համար, թէ` «մահամերձ է Մարզպետը»: Դժուար էր զսպել յուզումը, որ կը սղոցէր զիս, անբացատրելի շուարումի մէջ էի,  ոչինչ կրնայի ընել: Աւելի ուշ պիտի բանայի «Հաւատով խոստովանիմ»-ի աղօթագիրքը եւ  նովին ձայնովն Շնորհալի հայրապետին, պիտի կրկնէի.

«Բարերար Տէր, հրեշտակի բարւոյ
յանձն արասցես Մարզպետը, քաղցրութեամբ աւանդել զհոգին, եւ
անխռով անցուցանել ընդ չարութիւն
այսոցն` որք են ի ներքոյ երկնից եւ
ողորմեա՛…»:

Հոգիդ, որ աւանդեցիր 12 նոյեմբերին, սիրելի՛ Մարզպետ, կը յուսամ, որ կ՛արժանանայ ուրախութեամբ տեսնելու փառաց լոյսը եւ բախտը կ՛ունենաս բարի յոյսով հանգչելու արդարներու օթեւանին մէջ:

Ուրիշ ցաւ մը զիս կը կրծէ… Ինքզինքիս չեմ ներեր բացակայիլ յուղարկաւորութեանդ արարողութենէն, բայց մարմինը երբ տկար է… Թող ներուի ինծի այս բացակայութիւնը, որ յօժար կամքովս չէ: Իսկ խորապէս ներկայ եմ աղօթքով եւ յուղարկաւոր մը սուգը սրտիս, մինչ բոցավառ մոմ մը ձեռքիս կը ձայնակցիմ.

«երբեմն էի լոյս  
եւ այժմ եմ խաւար
եւ ստուեր մահու»:

Ո՛չ, Մարզպե՛տ, այս աշխարհի հովիտը կը ձգես եւ  լոյսի շառաւիղով երթա՜ս դէպի… քու այնքա՜ն սիրած բանաստեղծիդ` Դանիէլ Վարուժանի

«Դէպի աղբիւրը լոյսին»:

Թանկագին բարեկամ, իմ անուշ ընկեր,
Հանգիստ ոսկորներուդ,
Հողը թեթեւ գայ վրադ:

 

Նորվան Արք. Զաքարեան