Սուրիական Կարմիր Խաչը կոչ կ'ընէ վերացնելու միակողմանի պատժամիջոցները Դամասկոսի նկատմամբ՝ երկրաշարժի հետեւանքները վերացնելու համար։ Սուրիա յատուկ սարքաւորումներու մատակարարումը անհրաժեշտ է, Դամասկոսի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է կազմակերպութեան ղեկավար Խալետ Հպուպաթին։ Այդ մասին «Արմէնփրէս»-ը տեղեկացած Է «Ռիա Նովոսթի» գործակալութենէն:
«Մենք կոչ կ'ընենք վերացնելու Սուրիոյ նկատմամբ շրջափակումը եւ տնտեսական պատժամիջոցները՝ աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքները վերացնելու համար… մեզի անհրաժեշտ են ծանր սարքաւորումներ, շտապօգնութեան մեքենաներ եւ հրշէջ հաշուարկներ որոնողափրկարարական աշխատանքները արագցնելու նպատակով:
Ատոր համար անհրաժեշտ է, որ, որքան հնարաւոր է շուտ, վերացուին Սուրիոյ նկատմամբ պատժամիջոցները», -ըսած է Հպուպաթին։