image

Բողոքի արարք Պէյրութի մէջ. Հայորդիներ փակած են թրքական բեռնատարի մը ճանապարհը (Լուսանկարներ)

 Բողոքի արարք Պէյրութի մէջ. Հայորդիներ փակած են  թրքական  բեռնատարի մը ճանապարհը (Լուսանկարներ)

 Երէկ    գիշեր ուշագրաւ   արարք մը տեղի ունեցած է Պէյրութի մէջ։

 «Արեւելք»ի   աղբիւրին համաձայն  խումբ մը հայրենակիցներ    փակած են թրքական  բեռնատարի մը ճանապարհը, որ  կը փորձէր մուտք  գործել  Պուրճ Համուտ  հայահոծ շրջան։

 Յստակ չէ, թէ  դէպի ուր կ՚ուղղուէր   բեռնատարը,   եւ թերեւս  առաջին անգամը չէ, որ թրքական համարանիշներ  կրող  բեռնատար մը  մուտք կը գործէ  կամ  կ՚անցնի հայկական  շրջաններէն, բայց եւ այնպէս Արցախի  շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնը եւ Ատրպէյճանի կողմէ   ի գործ դրուած  ճնշումները  առիթ հանդիսացած  են, որ հայորդիներ իրենց բողոքի  ձայնը բարձրացնեն։

 Կարեւոր է իմանալ, թէ   լիբանանեան եւ   յատկապէս արաբական  ԶԼՄ-ներ արձագանգ տուին  նման արարքի մը, որովհետեւ նման  պարագաներու կարեւորը   բողոքի  կեցուածք   արտայայտելն է ու կողքին ալ  Արցախի  մարդասիրական  ճգնաժամը  արաբական  լսարանին ցոյց տալը։