Օրերս, Անթիլիասի երկու միաբան հայրեր՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան (դիւանապետ Կաթողիկոսարանի) եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան (տեսուչ Դպրեվանուց), արժանացած են հայ եկեղեցւոյ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններուն։ Տուչութեան արարողութիւնը Նախագահած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, տուչութիւնը կատարած է Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան լուրերը տարածող «Կիլիկիա» հարթակէն, ուր, մասնաւորապէս, գրուած է՝
Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 24 Նոյեմբեր 2024-ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, երկու միաբան հայրեր՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան (դիւանապետ Կաթողիկոսարանի) եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան (տեսուչ Դպրեվանուց), արժանացան հայ եկեղեցւոյ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններուն։ Տուուչութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան. խարտաւիլակն էր Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան։
Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին, զոյգ վարդապետները ծնրադրած՝ հրաժարեցան չար հերձուածներէն եւ նզովեցին հերետիկոսները, իսկ ձեռնադրիչ արքեպիսկոպոսը կատարեց յաւուր պատշաճի աղօթքները։ Վարդապետ հայր սուրբերը միասնաբար արտասանեցին հայ եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքը (Հաւատոյ Հանգանակը), վերանորոգեցին Աստուծոյ, ազգին եւ Կիլիկեան ուխտեալ Միաբանութեան ծառայելու իրենց ուխտը եւ ստացան ծայրագոյն վարդապետութեան տասը աստիճանները։
Հուսկ, սրբազան հայրը փոխանցեց օրուան խորհուրդէն եկող պատգամը։ Ան ըսաւ, որ անորոշութեամբ եւ վտանգներով լեցուն մեր կեանքի պայմաններուն մէջ ծայրագոյն վարդապետական աստիճանի տուուչութեան արարողութիւնը կը պայծառացնէ մեր յոյսը, մանաւանդ ի տես Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայական առաքելութեան։ Ան դիտել տուաւ, որ երբեմն կեանքի մէջ կը պատահին խարխափումներ ու շեղումներ, սակայն գոյութիւն ունին նաեւ հաւատքով ոգեւորուած նոր ոյժեր, որոնք կը միանան մեր Միաբանութեան շարքերուն եւ առիթ կ՚ընծայեն, որ Հայրապետական այս Սուրբ Աթոռը նուիրումով շարունակէ իրեն վստահուած ծառայական առաքելութիւնը։ «Վստահաբար, հեռուէն ու մօտէն, մեր ժողովուրդն ալ յուզումով կը հետեւի մեր Սուրբ Աթոռի կեանքին ու աշխատանքին եւ գոհունակութեամբ կ՚անդրադառնայ, թէ Սփիւռքի մէջ, տեղ մը, իր յարատեւութեան համար ունի ապահով յենարան, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին անմիջական հսկողութեան ներքոյ, հոյլ մը հոգեւորականներ պատրաստ են մեր քրիստոնէական հաւատքին, մեր լեզուին ու մշակոյթին, մեր բարքերուն ու աւանդներուն, մեր պատմութեան եւ երազներուն, այլեւ՝ մեր բարոյական վիճակին ու ամրութեան համար ընել այն՝ ինչ որ հարկաւոր է ու անհրաժեշտ», ընդգծեց սրբազան հայրը։
Խօսքը ուղղելով նորընծայ երկու ծայրագոյն վարդապետներուն՝ Շահէ արքեպիսկոպոս նշեց, որ ծայրագոյն վարդապետական կարգ ստանալը պատիւ է, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ մեր կեանքին փառքը ծառայութիւնն է։ Առ այդ, թելադրեց նորօք ձեռնադրեալ ծայրագոյն վարդապետներուն այս պահը ընկալել որպէս մարտահրաւէր՝ աւելի մեծ պարտականութիւններ ստանձնելու եւ այդպիսով փառաւորելու Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին առաքելութիւնը ու մեր ժողովուրդին յարատեւութեան համար գործող Կիլիկեան ուխտեալ Միաբանութեան վաստակը։ «Սրտովին կ՚աղօթենք, որ Աստուած ձեզ պարուրէ Իր լոյսով եւ զօրացնէ սրբութեան շնորհքով, որպէսզի ձեր մասնակցութեամբ մեր եկեղեցւոյ ու Սուրբ Աթոռին գործերը լոյսի պէս անստուեր ու պայծառ ըլլան ամէն տեղ», մաղթեց ձեռնադրիչ սրբազան հայրը։
Ապա, մէջբերելով Մատթէոսի Աւետարանի 5-րդ գլխուն 16-րդ համարը, ուր Քրիստոս իր աշակերտներուն կը թելադրէ այնպէս փայլիլ, որ մարդիկ անոնց բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Հայրը, Շահէ արքեպիսկոպոս քաջալերեց Աւետարանի քարոզութիւնը կատարել առաւելաբար սուրբ վարքով ու կենցաղով՝ «գէթ դո՛ւք պէտք է կարենաք ձեր կեանքով շողացնել Աւետարանէն հոսող Աստուածային լոյսը, միշտ յիշելով, թէ հոգեւորականը, եկեղեցւոյ կեանքին բերած իր մասնակցութեամբ, իր աշխատանքներուն ու ծառայութեանց ճամբով, պէտք է մոմի պէս հալի, խունկի պէս այրի, աղի ու թթխմորի պէս լուծուի, որպէսզի իր անձին մէջէն Աստուածային զօրութիւնը իբրեւ լոյս ճառագայթէ եւ այդպիսով գեղեցկացնէ ու վսեմացնէ շրջապատն ու կեանքը», ընդգծեց ան։
Վերջապէս, սրբազան հայրը շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետը, Միաբանութիւնը եւ մեր ժողովուրդը՝ յիշեցնելով, որ յատկապէս մեր Սուրբ Աթոռը եւ ընդհանրապէս մեր եկեղեցին կարիքը ունին նուիրեալներու, որպէսզի ազգովին մեծնանք, առաւել եւս բարձրանանք ու հասնինք Աստուծոյ փառքին:
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Հայրապետական թափօրը բարձրացաւ վեհարանի դահլիճ, ուր Նորին Սրբութիւնը Գերապատիւ Տէր Տաճատ Ծայրագոյն Վարդապետ Աշըգեանին եւ Գերապատիւ Տէր Պարոյր Ծայրագոյն Վարդապետ Շէրնէզեանին տուաւ իր հայրական ու հայրապետական օրհնութիւնը, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին նորընծայ ծայրագոյն վարդապետ հայր սուրբերը։