image

«Բարի վերամուտ». ՀՕՄ-ի վարժարանը՝ լոյսի եւ հաւատքի փարոս

«Բարի վերամուտ». ՀՕՄ-ի վարժարանը՝ լոյսի եւ հաւատքի փարոս

Սեպտեմբերեան այս օրերուն ոգեւորութիւնը կրկին կը թեւածէ նաեւ հայ համայնքին մէջ․ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը կը պատրաստուի բանալ իր դռները նոր ուսումնական տարեշրջանի մը համար՝ հաստատելով իր առաքելութիւնը, սերունդներուն փոխանցելու հայ լեզուն, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը՝ օտարացնող այս ափերուն վրայ։ Վարժարանը հիմնուած 1979-ին Հայ կեդրոնի պատասխանատու մարմիններու նախաձեռնութեամբ՝ սկիզբէն ի վեր դարձած է սփիւռքի կրթական ու հայապահպանման կարեւոր միջնաբերդերէն մին։ Անոր առաքելութիւնը յստակ է ու նպատակասլաց՝ հայ մանուկին տալ ոչ մ իայն ուսումնական կրթութիւն, այլեւ մարդկային ու հայրենասիրական ինքնութիւն։ Այսօր, աւելի քան քառասուն տարի անց, դպրոցը կը վկայէ այդ տեսլականին արդիւնաւորութիւնը։ Մեր վարժարանի շրջանաւարտները այսօր կը գտնուին հասարակական կեանքի տարբեր մարզերու մէջ՝ բժիշկ, փաստաբան, արուեստագէտ կամ համայնքային նուիրեալներ, եւ ամէնքն ալ կը վկայեն՝ իրենց ինքնութեան ամուր հիմքը դրուած է այս կրթօճախին մէջ։

Սփիւռքի մէջ ձուլումի եւ ինքնամոռացումի վտանգները երբեք չեն պակսիր։ ՀՕՄ-ի վարժարանը, սակայն, կը շարունակէ մնալ հայութեան ամուր միջնաբերդ մը, ուր ամէն օր կը հնչէ մեսրոպեան գիրն ու հայոց լեզուն։

Այստեղ աշակերտները կը սորվին դասագիրքէն անդին՝ հայրենասիրութիւն, ընկերասիրութիւն եւ հայերէնով ապրելու կենսամակարդակ։ Աշակերտը միայն ուսանող չէ, այլ կ՚աճի իբրեւ հաւատքով, աւանդութեամբ ու ազգային ոգիով լի անձնաւորութիւն։

Անցնող քառասունվեց տարիներուն նուիրեալ կրթական մարմիններուն ու անանձնական տնօրէններուն առաջնորդութեամբ եւ հայաշունչ ուսուցիչներու նուիրումով, վարժարանը վերածուած է լուսաւոր փարոսի, հոն ուր կրթական մշակը մանուկին հոգիին մէջ կը վառէ այն ջահը, որ պիտի չմարի տարիներու մշուշին մէջ։ Այս շօշափելի վկայութիւնն է, որ ծնողները կը մղէ իրենց զաւակները վստահելու այս կրթական եւ ուսումնական աննման հաստատութեան։

Վերամուտը ծնողներուն համար վստահութեան եւ հաւատքի կենսունակ գանձատուն է․ անոնք իրենց գանձերը կը յանձնեն այն ձեռքերուն, որոնք գիտելիքէն աւելի՝ կեանքի հիմնական արժէքներ պիտի փոխանցեն։ Աշակերտները, իրենց կարգին, կը սկսին նոր մարտահրաւերներով  լեցուն ճամբորդութեան մը՝ խօսելու, կարդալու եւ գրելու իրենց նախնիներու փառապանծ լեզուով։ Մեսրոպ Մաշտոցը, որ տուաւ մեզի արեւաշող տառեր եւ ինքնութիւն, կը մնայ անշեղ ուղեցոյց ամէն դասասենեակի մէջ՝ որպէս նշացող յաւերժութեան։

ՀՕՄ-ի վարժարանի հիմնումը սփիւռքի մէջ կարեւոր հանգրուան մըն էր․ 1970-ական թուականներուն, երբ ներգաղթած հայ ընտանիքներ իրենց տեղը կը փնտռէին Գանատայի բազմամշակութային միջավայրին մէջ, այդ օրերուն էր Հայ կեդրոնի պատասխանատու մարմինները հաստատ յայտարարեցին, որ հայ լեզուն ու մշակոյթը պէտք է ունենան հաստատուն մնայուն կեդրոն ու կանգուն միջնաբերդ բոլոր վտանգներուն դէմ։

ՀՕՄ-ի վարժարանը իր նուիրական առաքելութիւնը կրցած է իրականացնել շնորհիւ այն մեծանպաստ աջակցութեան, որ տարիներէ ի վեր բխած է բարերարներէն ու նուիրատուներէն։ Անոնց օգնութեան ու հաւատքին արտայայտութիւնն է, որ անոնք թիկունք կանգնած են մեր վարժարանի գոյատեւման ու անոր տարիներու աստիճանաւոր վերելքին։

Նոյնպէս վարժարանի կրթական մարմինը երախտագիտութեամբ կը վկայէ Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն՝ իրենց շարունակական օժանդակութեան եւ համագործակցութեան համար։ Առանց այս միասնական ու համախումբ ջանքերուն, այսօրուան յաջողութիւնները  դժուար էր պատկերացնել որպէս շօշափելի իրականութիւն։

Յատուկ նշանակութիւն եւ իմաստ ունի նաեւ եկեղեցւոյ անփոխարինելի դերը՝ հոգեւոր եւ բարոյական խնամքով ամրապնդելու մեր ուսումնական հաստատութեան եւ համայնքի կապերը։ Այս մթնոլորտին մէջ է, որ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը նոր ուսումնական շրջանը կը դիմաւորէ լեցուն յոյսով եւ նպատակներով։

Թող այս տարին դառնայ ոչ մ իայն գիտելիքներու, այլ նաեւ ընկերային ու հոգեւոր վերելքներու տարի։

Թող աշակերտը, ծնողը, ուսուցիչը, բարերարը եւ համայնքը միասին դառնան լոյսի պահապան եւ մշակոյթի ջահակիր առաքեալներ։

Թող այս ուսումնական շրջանը պսակուի առողջութեամբ, բեղուն արդիւնքներով եւ երանելի ու անդրագոյն յաջողութիւններով։

Թող հայոց նորահաս սերունդները, իրենց մայրենի լեզուով ու մշակոյթով սնանին եւ շարունակեն վառ պահել վարդահեղեղ այն լոյսը, որ սերունդէ սերունդ կ՚ուղեկցի մեր հաւաքական ճամբուն։

Այսօր, քառասուն վեցերորդ վերամուտի շեմիկ կանգնած, երբ յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք տարիներու վրայ երկարող ՀՕՄ-ի վարժարանի ուսումնական բերքին եւ անոր արձանագրած յաջողութիւններուն ու նուաճումներուն, հպարտօրէն կը հաստատենք, որ ՀՕՄ-ի վարժարանը եղաւ հայապահպանման փարոս մը եւ օրհնաբեր ներկայութիւն մը թորոնթոհայ գաղութի կեանքին մէջ։

Թանկագին հայկակներ եւ անգին ուսուցիչներ եւ տնօրէնութիւն, մեր անմնացորդ մաղթանքն է, որ անփորձանք իր լռումին հասցնէք 2025-2026 տարեշրջանը՝ անդրագոյն յաջողութիւններով:

 

Յակոբ Ճանպազեան