image
Հրատապ լուրեր:

Բարերար Մայք Սարեանի նոր նախաձեռնութիւնը ՝Կիւմրիին

   Բարերար Մայք Սարեանի նոր նախաձեռնութիւնը ՝Կիւմրիին

Ամերիկահայ անուանի բարերար Մայք Սարեան կը շարունակէ նոր նախաձեռնութիւններով իր նեցուկը ցոյց տալ Մայր Հայաստանին։

 

 Այս մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  համացանցէն։

 Օրերս բարերարը հանդէս եկած է նոր նախաձեռնութեամբ մը, որուն հիմամբ Կիւմրիի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ յատուկ լսարանները պիտի ունենան ջերուցման արդիական համակարգ ու հետեւաբար ջերուցում։

 Կը նշուի նաեւ, որ այս ձմրան   շրջանին  ջերուցում ունենալու համար  կարիքը կայ  12.000 ամն տոլարի գումարի  մը, որն ամբողջութեամբ պիտի վճարուի հայրենասէր բարերարին կողմէ։ 

 Կը հաղորդուի նաեւ, որ այդ  հնարաւորութեան միջոցաւ Կիւմրեցի 110 պատանիներ առիթ պիտի ունենան իրենց դասապատրաստումները կատարել ջերուցման պայմաններու մէջ։