image

Բարերար Երջօ Սամուէլեան նուիրատւութիւն կատարած է լիբանանահայ կարօտեալներուն

Բարերար Երջօ Սամուէլեան նուիրատւութիւն կատարած է լիբանանահայ կարօտեալներուն

Հաղորդագրութիւն Թիւ 2

Երջօ Սամուէլեանի Նուիրատուութիւնը

Ազգային առաջնորդարանի բարերար Երջօ Սամուէլեան 125 միլիոն լիբանանեան ոսկի նուիրեց Ազգային առաջնորդարանին` յատկացուելու համար «Լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութիւն»-ին, «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ին եւ  «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնին, արձագանգելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի` «հայրական կոչ կ’ուղղենք լիբանանահայ ունեւորներուն, որ մարդկային ու ազգային պարտականութիւն նկատեն ներկայ դժուար կացութեան մէջ օգտակար հանդիսանալ մեր կառոյցներուն, մեր դպրոցներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն» հրաւէրին եւ ընդառաջելով Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի` «կը դիմենք բոլոր լիբանանահայերուն, որ հայ քրիստոնէական պարտաւորութիւն նկատեն Ազգային առաջնորդարանին ճամբով անմիջապէս օգնութեան ձեռք երկարել իրենց կարիքաւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն» դիմումին:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ազնիւ բարերարին եւ կը մաղթենք, որ այլ հայորդիներ եւս հետեւին անոր բարի օրինակին:

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի