Ոչ եւս է AMAA-ի նուիրեալ բարերարներէն ՝Անտի Թորիկեան (1924-2024)
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը
Օրերս իր մահկանացուն կնքած է ԱՀԱԸ-ի բարերարներէն, յարգուած հայորդի Անտի Թորիկեան։ Մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ Թորիկեան ծնած էր Նիւ Եորք զաւակն էր ցեղասպանութենէն ճողոպրած ծնողներու: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ան եղած է օդաչու ծառայելով ԱՄՆ ռազմածովային ուժերու օդային նաւատորմին, սակայն կամաւոր ծառայութիւնը իր կեանքի հիմնական յատկանիշը եղած է եւ ան երկար տարիներ իր ներդրումը բերած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան մէջ եւ իր դրոշմը ձգած:
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ԱՀԱԸ-ի կողմէ այդ առթիւ տարածուած հաղորդագրութիւնը(Հաղորդագրութիւնը տրուած է անգլերէնով եւ զայն հայացուցած է՝ «Արեւելք»ը)։Խոր վիշտով կը գուժենք ԱՀԱԸ-ի նախկին նախագահ եւ գործադիր տնօրէն Անտի Թորիկեանի մահուան տխուր լուրը, կեանքին հրաժեշտ տալով ան միացաւ Տիրոջ երկուշաբթի, 25 նոյեմբերի, 2024-ին:
Աւելի քան 50 տարի ան նշանակուած էր ԱՀԱԸ-ի ներդրումի յանձնախումբի անդամ, եւ եղած ԱՀԱԸ-ի անբաժանելի մէկ անդամը որ յարգուած էր բոլորին կողմէ: Ան նաեւ եղած էր Խորհուրդի անդամ վեց երեք տարի ժամկէտով, որմէ ետք եղած էր Խորհուրդի նախագահ եւ վերընտրուած այդ պաշտօնին ծառայելու ինը տարի՝ չորս տարի որպէս փոխնախագահ եւ երկու տարի որպէս գանձապահ: Ան ԱՀԱԸ-ի գործադիր տնօրէնն էր ութ տարի:
Անտին ծնած է 24 Ապրիլ, 1924-ին Պրոնքս, Նիւ Եորք։ Կիրակի՝ 21 ապրիլ 2024-ին, ընտանիքն ու ընկերները հաւաքուեցան նշելու Անտիի 100-ամեակը։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Անտիի սիրելի կողակիցին՝ Ռոզիին. Դուստրին՝ Դոկտ. Քէթրին Թորիկեանին, ամուսնացած՝ Դոկտ. Էնթոնի Ճինի հետ, որդիին՝ Փրոֆեսոր Տրիւ Թորիկեանին, դուստրին՝ Դոկտ. Քրիսթին Թորիկեանին, ամուսնացած Դոկտ. Մայքլ Միլոնի հետ եւ 3 թոռներուն՝ Լիզիի, Սիերայի եւ Սէմի, ինչպէս նաեւ բոլոր հարազատներուն:
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման պաշտամունքը կատարուեցաւ Հայ երիցական եկեղեցւոյ մէջ Հինգշաբթի՝ 5 Դեկտ. կ.ա. ժամը 11:00-ին:
Նուիրատուութիւններ կատարել Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան