image

Բալասանեան կ՚ըսէ, թէ Արցախէն պիտի չհեռանայ

Բալասանեան կ՚ըսէ, թէ Արցախէն  պիտի չհեռանայ

Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիթալի Բալասանեանը չի պատրաստուիր լքելու Արցախը։ Այս մասին ան ըսած է Tert.am-ի հետ զրոյցին։

«Ես Արցախում ծնուել եմ 1959 թուականի մարտի 5-ին, առաւօտեան ժամը 08։00-ին, Ասկերանում՝ Դանիէլեան փողոց 25-ում։ Հիմա էլ այստեղ եմ ապրում եւ շարունակելու եմ ապրել»,- յայտարարած է Արցախի հերոսը։

Ինչ կը վերաբերի Արցախը լքող զինուորականներուն, նախկին պաշտօնեաններուն եւ հասարակ քաղաքացիներուն, ան նշած է․ «Հիմա չխօսենք դրա մասին, ամէն մարդ թող ինքը որոշի։ Գնացողը գնում է, մնացողը՝ մնում։ Ամէն մարդ ինքն է որոշում իր ապրելու վայրը»,- նշած է արցախցի նախկին պաշտօնեան՝ աւելցնելով, որ իւրաքանչիւրի որոշումը պէտք է յարգել։

Աւելի վաղ «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Բաբայեանը լրատուամիոջցներու հետ զրոյցին յայտնած է, որ արդէն Երեւանի մէջ է։

Նշենք, որ 25 սեպտեմբերի, ժամը 12-ի դրութեամբ Արցախէն Հայաստան եկած է բռնի տեղահանուած 4 հազար 850 անձ: Հայաստանի կառավարութեան հաղորդմամբ՝ անոնցմէ 3,900-ի վերաբերեալ հաշուառման տուեալներն ամփոփուած են, իսկ 950-ի կարիքներու գնահատումը նոյնականացման փուլի մէջ է: