Հալէպ («Արեւելք») Հալէպի մեր աղբիւրը այսօր յաջողած է մուտք գործել անցնող օրերու թէժ մարտերու թատերաբեմ դարձած եւ երէկ երեկոյեան Սուրիոյ բանակի տիրապետութեան տակ անցած «Փոսթան փաշա» շրջանը եւ լուսանկարներ առած ընդհանուր շրջանէն: Ըստ մեր աղբիւրին լուսանկարին մէջ երեւցած թաղամասը կը գտնուի հայկական «Նոր գիւղ» թաղամասին հարեւանութեամբ: Այդ շրջանին մէջ կը գործէ Հալէպին ջուր մատակարարող գլխաւոր կայաններէն մին եւ ըստ մեր տեղեկութիւններուն ջրակայանը մեծ վնասներու չէ ենթարկուած, հետեւաբար յառաջիկայ շաբաթներուն Հալէպ դարձեալ կրնայ ջուր ունենալ: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ անցնող հինգ տարիներուն անհնար է այդ շրջանները մուտք գործել եւ այդ թաղամասերուն մէջ կը գտնուէին հայկական թաղերուն ուղղութեամբ արձակազէններու եւ «հաուըն» տիպի ու նաեւ «կազի տակառներ»ներու դիրքերը: Ըստ «Արեւելք»ի աղբիւրին «Այս թաղերուն մէջ կային արձակազէններու բաւական վտանգաւոր դիրքեր եւ անհնար էր անցնիլ այս կողմերէն, կամ նոյնիսկ մօտենալ այս թաղամասերուն» նկատել տալով նաեւ, որ «Նկարներուն մէջ երեւցող բարձր շէնքը (որ պանդոկ պիտի ըլլար) եղած էր ահաբեկիչ զինեալներու գլխաւոր կեդրոնատեղի, ու հոնկէ էր նաեւ, որ ահաբեկիչները գործի կը դնէին, իրենց մեծագոյն չարիքներէն համարուող արձակազէն զէնքերը»: Ան փոխանցեց, որ այսօր ամբողջ օրը տօնական մթնոլորտ կը տիրէր Հալէպի տարբեր շրջաններուն մէջ յիշեցնելով նաեւ, որ «Պոսթան փաշա»ի, «Հայ սախուր»ի եւ այլ շրջաններու ազատագրումով Հալէպ բռնած է վերջնական յաղթանակի ճանապարհը:
Մեր աղբիւրին հաղորդմամբ այդ շրջանին մէջ գտնուող հայկական ծերանոցը եւս կրած է շատ ծանր վնասներ, բայց եւ այնպէս կը գտնուի կանգուն վիճակի մը մէջ: