image

Ազգային ժողով. Հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող ընդդիմութեան նախագիծը օրակարգին մէջ չէր

Ազգային ժողով. Հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող ընդդիմութեան նախագիծը օրակարգին մէջ չէր

Ազգային ժողովի նիստին այսօր` Յունիս 14-ին, ԱԺ փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը յայտարարեց, որ պէտք է քուէարկութեան դրուի  «Հայաստան»  եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններուն ներկայացուցած «հայ-ատրպէյճանական եւ  հայ-թրքական  յարաբերութիւններու կապակցութեամբ»  ԱԺ յայտարարութեան նախագիծը:

«Քանի որ գլխադասային  յանձնաժողովը հարցը չի քննարկել եւ եզրակացութիւն չի ներկայացրել, նստաշրջանի օրակարգ ընդգրկելու համար այս հարցը պէտք է քուէարկութեան դրուի», ըսաւ ան:

«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեան ըսաւ, որ ՔՊ-ն  պիտի չմասնակցի այս քուէարկութեան:  Քանի որ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները չեն մասնակցիր նիստին, ապա գրանցուեցաւ հետեւեալ արդիւնքը` կողմ 0, դէմ 0, ձեռնպահ 0: