image

Ազատ չէ մամուլը

  Ազատ չէ  մամուլը

Ցաւ ի սիրտ, մի՛շտ ալ եղած է խօսքի ազատութեան արգելքը նոյնիսկ մեր հայկական մամուլի շրջանակէն ներս... այս կամ այն կուսակցութեան պատկանող մամուլի մէջ գրած ժամանակ գրողներ չեն կրցած ազատութեամբ իրենց կարծիքները գրել, որովհետեւ նման թերթերու պարագային նախ կուսակցութեան շահերը նկատի կ'առնուին եւ ապա՛ խօսքի ազատութիւնը: Ցաւ ի սիրտ աշխարհի երեսին չունինք հայկական թերթ մը, որ անկողմնական եւ արդարացի իր ձայնը բարձրացնէ բոլո՛ր այն երեւոյթներուն դիմաց, որ կը վտանգէ մեր հասարակութիւնը: Մեր մօտ միշտ ուրիշը չի նեղացնելու տրամաբանութիւնը գոյութիւն ունի, մոռնալով որ ուրիշը նեղացնելը հասարակութիւնը սխալ ու վտանգաւոր առաջնորդելէ շա՜տ շատ աւելի առաջնահերթ ու կարեւոր է: Քննադատէ՝ եւ արդէն կը դառնաս ատուած, որովհետեւ մարդիկ ինչ գրելուդ չէ՛ որ կը նային, այլ կը նային թէ խօսքը որո՞ւ կը վերաբերի, որովհետեւ բոլորն ալ Պապի անսխալականութեան յատկանիշը ունենալ կը կարծեն: 

 

Մեր թուականէն 115 տարիներ առաջ՝ 1908 թուականին վերացաւ գրաքննութիւնը եւ մարդիկ գրական գէտնի վրայ որոշ անկախութիւն մը ունենալ կարծեցին եւ սկսան այդ թուականը յիշել որպէս «Մամուլի ազատութեան տարի», սակայն իրական գետնի վրայ այդ բոլորը լոկ վերացական համոզումներ էին՝ իրականութենէ կտրուած: Գրաքննութեան վերացումը նմանած է բոլոր այն օրէնքներուն, որոնք ստուգապէս կան, սակայն գործնականին մէջ կը շարունակեն անշնչացած մնալ: 

Այդ ժամանակներուն ժողովուրդն ու պետութիւնը իրար կապողը միայն ու միայն մամուլն էր, այդ իսկ պատճառով թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ՛ պետութեան ուշադրութիւնը լաւապէս կենդրոնացած էր մամուլին վրայ եւ այդ է պատճառը որ թերթերուն գլուխը («Ժամանակ»ի ճակատին վրայ մինչեւ օրս) «Քաղաքական օրաթերթ» կը գրուէր: Նկատի ունենալով որ հասարակութիւնը երեւոյթներու եւ որոշումներու հանդէպ կարծիք պիտի յայտնէ թերթի միջոցաւ պետութեան կողմէ խիստ քննութեան կ'ենթարկուէր, որովհետեւ սխալ արտայայտութիւն մը, սուտ լրատուական մը հակառակ այսօրուան կրնար քաղաքական եւ ժողովրդական իրար անցում մը ստեղծել շրջանին մէջ: Այդ իսկ պատճառով նոյնիսկ մէկ նախադասութեան մը պատճառով կրնար պատիժի արժանանալ եւ նոյնի՛սկ փակուիլ տասնեակ տարիներու կեանք ունեցող թերթ մը: 

Սակայն պետութեան կողմէ սահմանուած պատիժները չէին սահմանափակուէր այդքանով. յանկարծ յօդուածի մը համար կ'արգիլուէր թերթի վաճառքը 4-5 ամսով՝ ինչ որ անհրաժեշտ է թերթի շարունակականութիւնը ապահովելու համար, շատ անգամ կ'արգիլուէր որոշ ժամանակով յայտարարութիւններ եւ ծանուցումներ վերցնել եւ նման տարբեր տարբեր պատիժներու. անշուշտ ամենէն ահաւորն ու սարսափելին ձերբակալութիւններն էին, որոնք օրէնքի ոչ մէկ արդարացում ունէին: Պետութիւնը իրաւունք ունէր առանց դատ-դատաստանի խստագոյնս պատժել գրող մը՝ իր մէկ արտայայտութեան կամ յօդուածին համար եւ վստահ կրնաք ըլլալ որ բազմաթիւ Պոլսահայ գրողներ «վայելած» են այդ դժբախտութիւնները: 

«Մամուլի ազատութեան օր»ուան հռչակումէն տարի մը ետք՝ 1918 թուակնաին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Խելօք Դաւիթ» միմոսական շաբաթաթերթը իր 7 Դեկտեմբեր 1918-ի թիւին առաջին էջին վրայ կը նկարէր ծաղրանկար մը՝ որ յօդուածին կից կրնաք գտնել. նկարին մէջ կը տեսնենք ատենի Պոլսահայ օրաթերթերը՝ որոնց մէջ նաեւ «Ժամանակ»ը, իսկ այդ բոլորին վերը սպառնացող ձեռք մը՝ դանակ բռնած: Մամուլը նկարին տակ կը գրէ հետեւեալ տողը. «Հայ մամուլը – Ահա մենք եւ մեր վիճակը»: Նկատի ունենալով ծաղրանկարն ու անոր հրատարակութեան թուականը կրնանք ըսել, որ «Մամուլի ազատութեան օր»էն տասը տարիներ ետք այդ ազատութիւնը կը շարունակէր մնալ վերացական: 

Այդ պատիժներն ու խուզարկութիւնները յաճախակի էին. գրող եւ մտաւորական Վահան Մալէզեան իր «Ճամբուս Վրայ» խորագրեալ աշխատութեան 49րդ էջին մէջ հետեւեալ տողերով կը նկարագրէ խուզարկութիւններէն մին. «Երբ սրտատռոփ տուն հասանք, սեմին վրայ գտայ շլմորած քոյրերս, որ արցունքով աչքերով պատմեցին խուզարկութեան բոլոր դրուաքները: Հրդեհէ ազատուած տան մը կերպարանքը ունէին խառնշտկուած սենեակները: Զգացի սեղմում մը որ շունչս կը բռնէր, քանզի ո՛չ ոք ինծի պէս կրնար չափել վտանգին մեծութիւնը: «Կորսուած ենք» բացագանչեցի, գլուխս երկու ձեռքերուս մէջ առնելով, որպէսզի չտեսնեմ այն անհուն կսկիծը որ պիտի ամպոտէր քոյրերուս գգուանոյշ աչուըները»: Շարունակելով խուզարկութիւնը պատմել Մալէզեան կը գրէ. «Երէց քոյրս անողոք խուզակուներու աչքին տակ գիշերը յաջողած էր իր կուրծքին մէջ անյայտացնել անկողնիս տակ պահուած խել մը կարեւոր գրութիւններ...»: Ինչքա՜ն խիստ վերաբերմունք եղած պիտի ըլլար, որ երէց քոյրը ինքզինք վտանգելով յանձն կ'առնէ եղբօր գրութիւնները պահել... եղբօր անվտանգութիւնը պահպանելու համար: 

Մալէզեան սակայն չազատիր բանտարկութենէն եւ աւելի քան իննը ամիս բանտարկութեան շրջան մը կ'անցնէ, ուրկէ ազատ արձակուելէ ետք ուրիշ բազմաթի՜ւ գրողներու նման գաղթի ճամբան կը բռնէ՝ թէեւ Եգիպտոս, ուր կ'անցնէ իր գործունէութեան երկրորդ մասը: 

Ապրիլ 24-ի գիշերը առաջին հերթին մտաւորականներու ձերբակալութիւնը լաւագոյն պատկերը կը պարզէ մամուլի, մտաւորականութեան եւ խօսքի ազատութեան դէմ եղած ատելութեան, որովհետեւ մեծագոյն վտանգը պետութիւն հո՛ն կը տեսնէր: Մեր հայ մտաւորականները իրենց հայ ըլլալէն առաջ իրենց գիրի մարդ ըլլալուն համար կը նահատակուին, որովհետեւ զէնքին չափ ուժ ունէր եւ ունի՛ գիր-գրականութիւնը:

Այսօր ի՞նչ է վիճակը... 2016 թուականին տուեալներու համաձայն թուրքիոյ բանտերուն մէջ կը գտնուէին խօսքի ազատութեան զոհ դարձած 106 լրագրող-մտաւորական: Անցեալ տարի Տիարպաքըրի մէջ ձերբակալուած 16 լրագրողներ մինչեւ օրս՝ աւելի քան 7 ամիս կը շարունակեն մնալ բանտարկուած՝ առանց դատաքննութեան կամ հարցաքննութեան ենթարկուելու: Ուսումնասիրեցէ՛ք եւ պիտի տեսնէք, որ մինչեւ օրս աւելի քան 70 լրագրող-մտաւորականներ դաւադրաբար սպաննուած են՝ որոնց մէջ կան նաեւ հայեր: 

Ցաւ ի սիրտ, մի՛շտ ալ եղած է խօսքի ազատութեան արգելքը նոյնիսկ մեր հայկական մամուլի շրջանակէն ներս... այս կամ այն կուսակցութեան պատկանող մամուլի մէջ գրած ժամանակ գրողներ չեն կրցած ազատութեամբ իրենց կարծիքները գրել, որովհետեւ նման թերթերու պարագային նախ կուսակցութեան շահերը նկատի կ'առնուին եւ ապա՛ խօսքի ազատութիւնը: Ցաւ ի սիրտ աշխարհի երեսին չունինք հայկական թերթ մը, որ անկողմնական եւ արդարացի իր ձայնը բարձրացնէ բոլո՛ր այն երեւոյթներուն դիմաց, որ կը վտանգէ մեր հասարակութիւնը: Մեր մօտ միշտ ուրիշը չի նեղացնելու տրամաբանութիւնը գոյութիւն ունի, մոռնալով որ ուրիշը նեղացնելը հասարակութիւնը սխալ ու վտանգաւոր առաջնորդելէ շա՜տ շատ աւելի առաջնահերթ ու կարեւոր է: Քննադատէ՝ եւ արդէն կը դառնաս ատուած, որովհետեւ մարդիկ ինչ գրելուդ չէ՛ որ կը նային, այլ կը նային թէ խօսքը որո՞ւ կը վերաբերի, որովհետեւ բոլորն ալ Պապի անսխալականութեան յատկանիշը ունենալ կը կարծեն: 

 

 

 Հրայր Տաղլեան 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Հրայր Տաղլեան

Հրայր Տաղլեան

Ծնած է Պէյրութ-Լիբանան, 8 Փետրուար 1992-ին: Ա...