image

Այս դժուարին օրերուն Աննա Յակոբեան իր կատուի լուսանկարը հրապարակած է

Այս դժուարին օրերուն Աննա Յակոբեան իր կատուի լուսանկարը հրապարակած է

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ընտանիքը եւ Հայաստանի ու Արցախի բնակիչները կարծես զուգահեռ իրականութիւններու մէջ կ'ապրին: Մինչ ամբողջ Հայաստանը ու Արցախը շունչերը պահած կը հետեւին իրադարձութիւններուն Ստեփանակետ-Գորիս ճանապարհի շուրջ, որ յիշեցնենք՝ ատրպէյճանցիները փակ կը պահեն 12 դեկտեմբերի առաւօտեան 10:30-էն, վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանը դիմատետրեան իր էջին քիչ առաջ լուսանկարներ հրապարակած իր հարմարաւէտ կեանքէն: Այս մասին գրած է «News.am»,- նշելով, որ լուսանկարին մէջ ան Օսքար անունով կատուն գիրկը՝ գիրք կ'ընթերցէ։

«Օսքարի հետ գիրք կարդալու համար ամուր նիարդեր եւ հաստատակամութիւն է անհրաժեշտ»,- գրած է Աննա Յակոբեանը: