Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ պարբերաբար ապատեղեկատուութիւն տարածել հայ-ատրպէյճանական սահմանի այս կամ այն հատուածին մէջ ՀՀ Զինուած Ուժերու կողմէ ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ կրակ բանալու վերաբերեալ: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Մասնաւորապէս` Փետրուարի 18-ի ուշ երեկոյեան Ատրպէյճանի պաշտպանական գերատեսչութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է, պնդելով, թէ նոյն օրը ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյանական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ:
ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեանը կոչ կ'ընէ ձեռնպահ մնալու սահմանային իրադրութեան վերաբերեալ իրականութեան չհամապատասխանող տեղեկութիւններ տարածելու գործելաոճէն, որ ոչ մէկ կերպ կը նպաստէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին կայունութեան հաստատման: