Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի նախագահ Նաթալի Լուազօն արձագանգած է Պելճիքայի եւ Լիւքսեմպուրկի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան, Եւրոմիութեան մէջ ատրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավար Վակիֆ Սատիքովի թուիթըրեան գրառման: Դեսպանը դժգոհած է ԵՄ առաքելութեան դիտորդներու ներկայութենէն հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ իր էջին ան ԵՄ ներկայացուցիչները սպառնացած է դիպուկահարներով:
«Անոնք գիտեն՝ ինչ ընել իրենց պաշտպանելու համար։ Ատրպէյճանական արտադրութեան Istigal IST-14.5 դիպուկահար հրացանը մօտ 3000 մեթր հեռահարութեամբ կը կրակէ։ Տղանե՛ր, հեռու մնացէք Ատրպէյճանի պետական սահմանէն․․․»,- գրած է ատրպէյճանցի դեսպանը եւ տեղադրած դիպուկահար հրացանի լուսանկարը։
Լուազօն այդ գրառումը որակած է որպէս անմիջական սպառնալիք եւրոպացի դիտորդներուն, որոնք պարեկութիւն կ'իրականացնեն հայ-ատրպէյճանական սահմանին:
Թուիթըրի իր էջին ան գրած է. «Արդեօք սա սպառնալի՞ք է Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն։ Այդ իսկապէ՞ս ատրպէյճանցի «դիւանագէտը» կ'ըսէ։ Ի՞նչ մակարդակի հասած է ատրպէյճանական դիւանագիտութիւնը։ Միջազգային դատարանի որոշման նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունք դրսեւորելն ու 120.000 մարդու պատանդ վերցնելը հպարտանալու բան չեն։ Այդ է պատճառը, որ ձեր ջիղերը տեղի կու տան: Մեր՝ հզօր արժէքներ ունեցող եւրոպացիներու վրայ տպաւորութիւն չի ձգեր։ Մենք պիտի շարունակենք սատարել խաղաղութիւնն ու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հանդէպ յարգանքը»։
Հայաստան կատարած այցի ընթացքին Լուազօն հանդիպած է նաեւ դէպի Լաչինի միջանցքի մուտքը պարեկութիւն իրականացնող ԵՄ ներկայացուցիչներու հետ, որմէ ետք հաստատած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ամբողջական եւ ապօրինի արգելափակումը։