image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանէն հերթական սադրանք

Ատրպէյճանէն  հերթական սադրանք

7 Օգոստոսին, ժամը 11:40-12:00-ին, ատրպէյճանական ԶՈՒ ստորաբաժանումները կրկին անգամ դիմած են սադրանքի` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բանալով հայ-ատրպէյճանական սահմանի Սիւնիքի մարզը, մասնաւորապէս` Սեւ լճի հատուածը տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: 

ՊՆ-էն յայտնած են, որ հայ դիրքապահներու պատասխան գործողութիւններու պատճառաւ հակառակորդի կրակը լռած է: Հայկական կողմէն տուժածներ չկան: