Ատրպէյճանէն կամ այլ երկիրներէն Հայաստանի տարածքով տարուող որեւէ բեռ, այսպէս թէ այնպէս, պէտք է վերահսկուի։ Այսօր Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններու ճեպազրոյցներու ժամանակ յայտարարած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Արման Եղոյեանը՝ պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ արդեօք ատրպէյճանական բեռերը պէտք է ստուգուին։
«Հայաստանի տարածքով տեղափոխուող ցանկացած բեռ պէտք է որոշակի ընթացակարգ անցնի, չասենք ստուգում, բայց վերահսկողութիւն պէտք է լինի։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է իմանայ, թէ ինչ են տեղափոխում իր տարածքով»,-ըսած է Եղոյեանը։
Պատասխանելով լրագրողի ճշգրտող հարցին, թէ արդեօք Հայաստանի մէջ ՀՀ մաքսային ծառայողնե՞րը պիտի ստուգեն կամ վերահսկողութիւն իրականացնեն, Եղոյեանն ըսած է՝ տարբեր երկիրներու մէջ տարբեր ծառայութիւններ այդ գործառոյթները կ՚իրականացնեն։
«Ես չեմ կարող ասել՝ տարիներ յետոյ սահմանապահ ծառայութիւնը, մաքսայինը, թէ ԱԱԾ-ն կը ստուգի։ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւասու մարմինը պէտք է հաւաստիօրէն տեղեկացուած լինի, թէ ինչ է իր պետութեան տարածքով անցնում»,- շեշտած է պատգամաւորը։
Ան հաւաստիացուցած է՝ ՀՀ տարածքով չի կրնար անցնիլ բեռ մը, որու բովանդակութեան մասին ՀՀ իրաւասու մարմինը չիմանայ, մնացեալ տեխնիկական հարցերը դեռ կը քննարկուին։