image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանցի զինուորներու անճոռնի վարքը՝ Արցախի գինիի գործարանին մէջ (Տեսանիւթ)

Ատրպէյճանցի զինուորներու  անճոռնի  վարքը՝  Արցախի գինիի գործարանին մէջ (Տեսանիւթ)

 Համացանցի եւ մասնաւորապէս Դուիթերի էջերուն վրայ տարածուած է կարճ տեսանիւթ մը, ուր կ՚երեւի, թէ ատրպէյճանցի զինուորներ ինչպիսի անճոռնիութեամբ կը վարուին Արցախի հայկական բնակավայրերէն մէկուն մէջ գտնուող գինիի գործարանի մը մէջ։

 Անոնցմէ մին գինիի ապակեայ կարասէն գինի կը խմէ, իսկ ետին կանգնողը ծաղրական բառեր կը մռլտայ։

 

 Պատերազմի օրերուն եւ պատերազմի աւարտէն ետք ալ ատրպէյճանեան բանակի զինուորներուն այս գռեհկահոտ վարքը նորութիւն չէ, սակայն մտահոգիչն այն է, որ նման մօտեցումները կարծես դարձած են հակառակորդ կողմէն որդեգրուած «պաշտօնական վարքագիծ»։

 

 Նշենք նաեւ, որ մասնաւորապէս ASB  էջին կողմէ տարածուած կարճ տեսանիւթին տակ գրառում կատարած է եւրոպացի յայտնի գործիչ՝ Տասթըն Հոֆման, որ տեղադրած է Արցախի Տող շրջանին մէջ գտնուող «Քաթարո» գինիներու գործարանի մէկ պատկերը, նշելով նաեւ, որ այն բարձր մակարդակի գինեգործարան մըն է։

 

 Զարմանալին այն է, որ նման պատկերներ ոչ միայն ազդեցիկ են, այլ բառացուցական իմաստով ալ ցոյց կու տան, որ Պաքու շատ հեռու Արցախի, Հայաստանի եւ առհասարակ հայ ժողովուրդին հետ բարի դրացիութիւն ընելու ընթացքներէն։

 

 Մնացեալ մեկնաբանութիւնը, կը թողունք պատմութեան եւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն։