image

Ատրպէյճան սուտ լուրեր կը տարածէ․ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւն

 Ատրպէյճան սուտ լուրեր կը տարածէ․ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւն

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումները 10 յունիսին պարբերաբար կրակած են Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի եւ Ասկերանի շրջաններու բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, հերթական ապատեղեկատւութիւնն է։

Այս մասին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, փորձելով հիմնաւորել իր ստորաբաժանումներու կողմէ հրադադարի ռեժիմի իւրաքանչիւր օր արձանագրուող խախտումները, կը շարունակէ խեղաթիւրել իրականութիւնը, հերթական անգամ յայտարարելով Մարտակերտի, Մարտունիի, Ասկերանի եւ Շուշիի ուղղութեամբ իբրեւ թէ իրականացուող ճարտարապետական աշխատանքները խափանելու մասին։