Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (Caucasus Heritage Watch) կ՚ահազանգէ, որ հոկտեմբեր 5-էն մինչեւ նոյեմբեր 3-ն ինկած ժամանակահատուածին ատրպէյճանցիները պուլտոզըրներով ճանապարհ հարթած են Շուշիի պատմական գերեզմանատան միջով, որ յայտնի է որպէս Երեւանեան դարպասներու մօտի գերեզմանոց։
Համապատասխան արբանեակային նկարները հրապարակուած են կազմակերպութեան X-ի էջին։
Ինչպէս նշուած է գրառման մէջ, խիտ անտառը կը ծածկէ գերեզմանոցը, ուստի անոր սահաները տեղորոշելու համար կազմակերպութիւնը կիրառած է Շուշիի մասին հրապարակումներն ու քարտէզները։
Ծառերու միջեւ կայ առնուազն 78 տապանաքար հայերէն տապանագրերով, որոնք կը թուագրուին 1802-1913 թուավականներուն։ Դեռ յայտնի չէ, թէ անոնցմէ քանին վնասուած է։

