image

Ատրպէյճան լայնածաւալ գործողութիւններ սկսաւ ամբողջ սահմանին. Վահրամ Պօղոսեան

Ատրպէյճան լայնածաւալ գործողութիւններ սկսաւ ամբողջ սահմանին. Վահրամ Պօղոսեան

Ատրպէյճանը կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել կոպտօրէն խախտել մարդասիրական կրակամարը եւ վաղ առաւօտէն կրկին լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սկսած է առաջնագիծի ամբողջ երկայնքով: Հրետանային զինատեսակներէն կը գնդակոծուին նաեւ խաղաղ բնակավայրերը: 
Բանակային ստորաբաժանումներու հետ բուռն պատերազմական գործողութիւններուն ազրպէյճանական կողմէն կը մասնակցին քանի մը հազար վարձկան-ահաբեկիչներ: Պաշտպանութեան բանակը ծանր մարտեր կը մղէ` փորձելով կասեցնել թշնամիին նախայարձակ գործողութիւնները: Պէտք է գործադրել բոլոր ջանքերը մինչեւ ատամները զինուած թշնամիին մեծ կորուստներ պատճառելու եւ հայրենական այս պատերազմին յաղթանակ ապահովելու համար: Այս մասին իր դիմատետրի էջին գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Վահրամ Պօղոսեանը: