image

Ատրպէյճան կրկին ապատեղեկատւութիւն տարածած է. ՀՀ ՊՆ

Ատրպէյճան կրկին ապատեղեկատւութիւն տարածած է. ՀՀ ՊՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է, որով կը հերքէ ատրպէյճանական կողմի տարածած հերթական սուտ լուրը։

«Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր ՀՀ ԶՈւ ստորաբաժանումները կրակ են բացել ատրպէյճանական դիրքերի եւ տրանսպորտային (փոխադրային) միջոցի ուղղութեամբ, ապատեղեկատւութիւն է»,–ըսուած է ՀՀ ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ սա ատրպէյճանական կողմի գործելաոճն է։ Անոնք նախ իրենք կը խախտեն հրադադարը, ապա հաղորդագրութիւն կը տարածեն` իբր խախտում ընողը հայկական կողմն է: