8 Յունիսին`ժամը 17:35-20։30-ն ինկած ժամանակահատուածին Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը շփման գիծի արեւելեւան եւ հիւսիսային ուղղութեամբ խախտած է հրադադարը`կիրառելով հրաձգային զէնք։
Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ ժամը 18։20-ի սահմաններուն ատրպէյճանական կողմը հրաձգային զէնքէ կրակ բացած է Կարվին տեղամասին մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քարշակի ուղղութեամբ։
Հայկական կողմը կորուստներ չունի։ Հրադադարի խախտման մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան:
9 Յունիսի ժամը 09։00-ի դրութեամբ իրավիճակը շփման գիծին յարաբերականօրէն կայուն է։