8 Դեկտեմբերին՝ ժամը 20:20-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են Ներքին Հանդի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:
Այս մասին յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Հայկական կողմը կորուստներ չունի:
Ժամը 23:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը առաջնագծին յարաբերականօրէն կայուն է։