image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճան Արցախի հետ շփումներու խնդրով յատուկ ներկայացուցիչ նշանակած է

Ատրպէյճան Արցախի հետ շփումներու խնդրով յատուկ ներկայացուցիչ նշանակած է

Ատրպէյճանի միլի մեճլիսի պատգամաւոր Ռամին Մամետով նշանակուած է Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապերու պատասխանատու։ Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներուն՝ 1 մարտին Մամետով հանդիպած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի շտաբի մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի «հայ բնակիչներու ներկայացուցիչներուն հետ»։

«Հանդիպման մասնակցած է Բնական միջոցներու ապօրինի շահագործման հարցերով խումբի ղեկավար Մասիմ Մամետով։ Խումբին մէջ ներառուած են  Բնապահպանութեան եւ բնական միջոցներու նախարարութեան, Տնտեսական նախարարութեան գոյքի հարցերով պետական ծառայութեան  եւ AzerGold ՓԲԸ  (Փակ բաժնետիրական ընկերութիւն) փորձագէտները։

Հանդիպման քննարկուած է Ղարաբաղի շրջանի հայ բնակիչներու վերահամարկումը Ատրպէյճանի Հանրապետութիւն՝ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն համապատասխան։ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Ղարաբաղի շրջանի մէջ բնակող հայ բնակիչներու հետ շփումները կը շարունակուին», - գրած են լրատուամիջոցները։