ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Թեմակալ Առաջնորդ՝ Հայր Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան, անցեալ Կիրակի ներկայ գտնուած է Ֆիլատելֆիայի Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեղեցի՝ Աստուածածինի Վերափոխման Սուրբ տօնին եւ Տէր Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեանի, իբրեւ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի առաջին պատարագին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Թեմակալ Առաջնորդի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
«Անցեալ շաբաթավերջին, Աստուածածինի Վերափոխման Սուրբ տօնին, պատիւը ունեցայ այցելելու Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ հայկական շքեղ եկեղեցին: Կրկնակի տօնախմբութեան օր էր, քանի որ մենք նաեւ ողջունեցինք նուիրեալ հոգեւորական՝ Տէր Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեանը, որպէս հօտին նոր հովիւը։
Նուիրուածութեան ոգին ակնյայտօրէն շօշափելի էր պատարագի եւ խաղողօրհնէքի ժամանակ, որ կը խորհրդանշէր մեր Տիրոջ առատ օրհնութիւնը եւ կը դրսեւորուէր մեր համայնքի անդամներուն՝ հաւատքի պտուղներուն ընդմէջէն:
Պատարագէն ետք տեղի ունեցող հիւրասիրութեան հաւաքը՝ միցասնութեան, սիրոյ եւ միանպատակ կամքի դրսեւորում էր: Կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք պատրաստեցին եւ մասնակցեցան, այս միջոցառումը առանձնայատուկ դարձնելու համար:
Կը փափաքիմ նաեւ խորին երախտագիտութիւնս յայտնել՝ ծխական խորհուրդին, սարկաւագներուն, դպիրներուն եւ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպի բոլոր ծխականներուն, իրենց ջերմ հիւրընկալութեան համար։ Իսկ Տէր Արմաշին կ՚ըսեմ. «Կ՚աղօթեմ, որ Աստուած քեզի իմաստութիւն, համբերութիւն եւ անսահման սէր տայ՝ այս միաբանութիւնը դէպի շատ աւելի պայծառ ապագայի մը առաջնորդելու համար»:
Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ հայկական եկեղեցւոյ կեանքի այս նոր հանգրուանին նայելով՝ մեր աղօթքն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք Տէր Արմաշին ու անոր ընտանիքին։ Թող Աստուած առատօրէն օրհնէ եւ անոնց շնորհէ ուժ, իմաստութիւն եւ անսահման սէր այս ծուխի առաջնորդութեան ճամբուն մէջ:
Թող մեր Տիրոջ օրհնութիւնը ըլլայ Ուիննուուտի ծուխին, Տէր Արմաշին եւ ամբողջ համայնքին վրայ։ Եկէք միասին շարունակենք աճիլ հաւատքով եւ կառուցենք հզօր ու կենսունակ հայկական եկեղեցի՝ Ամերիկայի մէջ:
Յիշեցնենք նաեւ, որ «Արեւելք» աւելի վաղ գրած էր, թէ Տիթրոյիթի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեանը յառաջիկայ շրջանին պաշտօնի պիտի կոչուի Ֆիլատելֆիայի Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ՝ նոյնպէս իբրեւ հոգեւոր հովիւ։
