image

Արժան եւ իրաւ. Վախճանեալ Գերշ. Տ. Վահան արք. կրողն էր Հաշիմեան Թագաւորութեան բարձրագոյն մետայլին

 Արժան եւ իրաւ.  Վախճանեալ  Գերշ. Տ.  Վահան արք.   կրողն էր   Հաշիմեան Թագաւորութեան  բարձրագոյն մետայլին

 

Օրերս  վախճանեալ   Գերշ.  Տ. Վահան  արք. Թօփալեան պարգեւատրուած էր Հաշիմեան Թագաւորութեան  բարձրագոյն մետայլով։ 

Այս  մասին «Արեւելք» իմացաւ  Ամմանի իր աղբիւրէն։ 

 Կը նշուի նաեւ, որ  վախճանեալ    Գերշ.  Տ.  Վահան  արք.  Թօփալեանի պարգեաւտրումը  եղած է  ձեռամբ  Յորդանանի   այժմու թագաւոր  Նորին  Վսեմութիւն     Ապտալլա  Բ.  Թագաւորին ձեռամբ   2013  թուականին։

 Մետայլը կը կրէ  «Իւրայատուկ նուիրում Հիւսէյն թագաւոր»ի անուան    կոչումը  եւ այն կը տրուի  բոլոր այն   անձնաւորութիւններուն, որոնք  դրական  հետք մը թողած են  ու  նուիրեալաբար ծառայութիւն բերած   Յորդանանի  Հաշիմեան  թագաւորութեան։