Սիւնիքի մարզի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը` դատաւոր Գնէլ Գասպարեանի նախագահութեամբ, այսօր` Մարտ 28-ին հրապարակեց Առուշ Առուշանեանի եւ միւսներու գործով դատավճիռը, համաձայն որու` Առուշ Առուշանեանը արդարացուած է ընտրութիւններէն յետոյ յարուցուած քրէական գործի դրուագով:
Վերջինս մեղաւոր ճանչցուեցաւ ՀՀ ՔՕ 308-րդ յօդուածի 1-ին մասով, 322-րդ յօդուածով, 113-րդ յօդուածով: Անոր նկատմամբ որպէս պատիժ կիրառուած է բանտարկութիւնը` 1 տարի 6 ամիս ժամկէտով, սակայն նկատի ունենալով, որ Առուշանեանը 8 ամիս գտնուած է արգելանքի տակ, անոր նկատմամբ վերջնական պատիժ նշանակուած է 6 ամիս 18 օր ժամկէտը: Անոր նկատմամբ պատիժը պայմանական չկիրառուեցաւ` սահմանելով փորձաշրջան 1 տարի 6 ամիս ժամկէտով:
Միաժամանակ որպէս պատիժ նշանակուած է նաեւ ինքնավար մարմիններու մէջ ղեկավար պաշտօն զբաղեցնելու հնարաւորութենէն 5 տարի ժամկէտով զրկելով ու տուգանքով:
Դատարանը ճանչցած եւ հռչակած է նաեւ Քարահունջ բնակավայրի ղեկավար Լուսինէ Աւետեանի անմեղութիւնը, արդարացուցած է անոր առաջադրուած մեղադրանքը` յանցակազմի բացակայութեան հիմքով: