image

Արծուաշէնի սահմանազատում կ՚ըլլայ, երբ «տէ իւրէ» հիմնաւորենք, որ այդ արտագաւառը Հայաստանի մաս է. Փաշինեան

Արծուաշէնի սահմանազատում կ՚ըլլայ, երբ «տէ իւրէ» հիմնաւորենք, որ այդ արտագաւառը Հայաստանի մաս է. Փաշինեան

Մենք էքսկլաւ (արտագաւառ), անկլաւ (ներգաւառ) թեմայէն չենք կրնար հրաժարիլ․ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։  

Ըստ անոր՝ ՀՀ ինքնիշխան տարածքի մէջ կը մտնէ նաեւ Արծուաշէնը եւ պայմանաւորուած են, որ այդ հարցին պիտի անդրադառնան։

«Մենք պատրաստւում ենք հիմնաւորել Արծուաշէնը տէ իւրէ ՀՀ մաս լինելը։ Երբ դա մենք տէ իւրէ կը հիմնաւորենք,  արդէն Արծուաշէնի սահմանի սահմանազատում պէտք է տեղի ունենայ, գնանք առաջ, տեսնենք՝ ինչ լուծումներ կը լինեն»,-ըսած է Փաշինեանը։

4 գիւղերը, ըստ անոր, կը սահմանազատուին մինչեւ կանոնակարգումը, որպէս նախնական գործողութիւն։