image

Արթուր Ալեքսանեանի վնասուածքը լուրջ չէ

Արթուր Ալեքսանեանի վնասուածքը լուրջ չէ
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ, Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանի վնասուածքը լուրջ չէ: «Արմէնփրէս»-ին այս մասին յայտնած է Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերացիայի մամուլի խօսնակ Կարէն Գիլոյեանը: Ան  ընդգծած է, որ Ալեքսանեանի մօտ թեթեւ մկանային վնասուածք է: Ան արդէն իսկ բուժզննում անցած է եւ կը պատրաստուի եզրափակիչ գօտեմարտին:
 
Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը 97 քկ քաշային կարգի կիսաեզրափակիչին 2 Օգոստոսին մրցեց Իրանէն՝ Մոհամատալի Սարաւիի հետ: Գօոտեմարտի ընթացքին, երբ Ալեքսանեանը կը յաղթէր 3:1 հաշուով, ան ձգեց մկանը, սակայն շարունակեց պայքարը: Ի վերջոյ, Արթուր Ալեքսանեանը յաղթեց 1:4 հաշուով:
 
Եզրափակիչին Ալեքսանեանը պիտի մրցի Ռուսաստանը ներկայացնող Մուսա Եւլոեւի հետ։