120 հազարի հասնող բնակչութիւնով արկենդինահայերը հայկական սփիւռքի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը կը հանդիսանան։ Անոնք անցեալին իրենց մշակութային յարատեւութիւնը ապահովելու համար բազմաթիւ կառոյցներ հիմնած են։ Այդ շարքէն է «Երիտասարդ Հայոց Մշակութային Կեդրոն», «Գայիանէ Պարախումբ», Իսպաներէն- հայերէն երկլեզու հաղորդումներով «Ռատիօ Սեւան» եւ այլն։ Անոնք բացի համայնքային խնդիրներէ ներգրաւուած են նաեւ երկրի զանազան նիւթերուն։ Կ՚աջակցին Փլացա տէ Մայոյի մայրերուն, կը մասնակցին Արկենդինայի պետական համալսարանի սեփականացման դէմ բողոքի ցոյցերուն։
Այս բոլորի մասին առցանց դրութեամբ զրուցեցինք «Նոր Սեւան» թերթի խմբագիր Էմիլիանօ Լոմլոմճեանի հետ։
- Նախ ճանչնանք ձեզ։
Ես Էմիլիանօ Լոմլոմճեան Պուէնոս Այրեսի «Նոր Սեւան» թերթի խմբագիրն եմ։ Կ՚անդամակցիմ Գայիանէ Պարախումբին։ 28 տարեկան եմ եւ ընդմիշտ մաս կազմած եմ գաղութենական կեանքին։
- Ի՞նչ կրնաք պատմել Հարաւային Ամերիկայի հայ գաղութի պատմութեան մասին։
Հայերս Հարաւային Ամերիկա եկած ենք Հայոց ցեղասպանութեան պատճառաւ։ 1920-30-ականներու գաղթերէն ետք 1990-ականներուն Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք եկան նաեւ Հայաստանի քաղաքացիներ, հետզհետէ ձեւաւորուեցաւ թէ քաղաքական եւ թէ ընկերային ու մարզական կազմակերպութիւններ։ Կարելի է ըսել որ մեծ եղեռնէն փրկուածները իրենց մշակոյթը, մայրենին շարունակելու միջոցները կը որոնենք։
- Ի՞նչ տեսակ հաստատութիւններ կը թուէք հայոց մշակութային ինքնութիւնը պահելու խնդրին մէջ։
Հայերը ընդհանրապէս մէկտեղուած են Պուէնոս Այրես եւ Քորտոպայի նման քաղաքներու մէջ։ Մայրաքաղաքի մէջ ունինք եօթը վարժարան, բազմաթիւ եկեղեցիներ, մարզակումբներ, պարախումբեր, նուագախումբեր եւ սկաուտական կազմակերպութիւններ։
Տարածաշրջանի մէջ քաղաքական ուժ մըն ալ կը կազմենք, քանի որ ունինք քաղաքականացած տարրեր ալ։ Հայաստանէ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մշակոյթէն հեռու այս հողերու վրայ կը ջանանք հայ ինքնութիւնը վառ պահելու։
- Իսկ ի՞նչ է կացութիւնը Հայ Երիտասարդական Միութեան շարքերու մէջ։
Իրականութեան մէջ Հայ Երիտասարդական Մշակոյթի Միութիւնը, Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութեան շարունակութիւնն է։ Դաշնակցութիւնը հիմնուած էր 1940-ականներուն։ Ան հիմնադրութենէն այս կողմ կը զբաղի մարդու իրաւունքներու, միջազգային զօրակցութեան եւ դրամապաշտ կեղեքման պատճառ դարձած դժուարութիւնները յաղթահարելու խնդիրներով։
Այդ նիւթերը մինչեւ այսօր մեր կիզակէտին են։ Մենք սահմանուած չենք միայն հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նիւթով։ Կը զօրակցինք նաեւ մարդկութեան դէմ յանցանքի ենթակայ եղած հաւաքականութիւններու հետ եւ երկրի բազմաբնոյթ նիւթերով։ Ինչպէս որ կը զօրակցինք արցախահայութեան, նոյն եռանդով կը զօրակցինք նաեւ պաղեստինցիներու արդար դիմադրութեան։
- Նաեւ կ՚անդամակցիք «Գայանէ» պարախումբին։ Այս հաստատութեան մասին ի՞նչ կը պատմէք։
Գայանէ պարախումբը ամբողջ Հարաւային Ամերիկայի մեծագոյն կազմակերպութիւնն է։ Մենք կը կարեւորենք հայ մշակոյթը յարատեւել յաղթահարելով ահռելի հեռաւորութեան պատճառած դժուարութիւնները։ Նշեմ որ մեր աշխատութիւնը պատասխանատուութիւն կը զգայ նաեւ նախորդող սերունդին ձեռքբերումները զարգացնելու նիւթով։
Այս մէկը այլ մշակոյթներու հետ շբուելու համար ալ կարեւորագոյն միջոց կը համարեմ։
- Իսկ որպէս արկենդինեան «Նոր Սեւան» թերթի խմբագիր ի՞նչ կը պատմէք Արկենդինայի մէջ մամլոյ ազատութեան մասին։
Պարտիմ նշել թէ տնտեսական պայմաններու պարտադրութեան տակ արկենդինեան մամուլը այդքան ալ ազատ չէ։ Վերջապէս հարուստները ուժը իրենց ձեռքին կը պահեն եւ իրենց ուզածը կ՚ըլլայ։ Բայց պայմանները որքան ալ դժուար ըլլան կը շարունակենք մեր ստանձնած առաքելութիւնը։ Առաջնահերթութիւն կու տանք Արկենդինայի նիւթերու կողքին Հայաստանի, Թուրքիոյ, Միջին Արեւելքի զարգացումներուն։
- Գիտենք որ 2007-ին Արկենդինա պաշտօնապէս ճանչցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ինչպէ՞ս ընթացաւ այդ գործընթացը։
Արկենդինան Նեսթոր Քիրշնէրի շրջանին օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական համակարգերով պաշտօնապէս որոշած է 1915-ի անցուդարձները ցեղասպանութիւն ըլլալով բնութագրել։ Այս որոշումի յանգելու խնդրին մէջ կարեւոր է անոր դերակատարութիւնը։ Նոյնքան կարեւոր է Կրեկորիօ եւ Լուիզա Հայրապետեան Հիմնարկի աշխատութիւնները։ Անոնց ընտանեկան պատմութեան յայտնաբերումը կարեւոր նպաստ ունեցաւ այս որոշումի մէջ։
Նշեմ որ Կրեկորեաններու որդիներն ալ կարեւոր աշխատութիւն ծաւալեցին զինուորական իշխանութեան շրջանին անյայտ կորածներու յայտնաբերման խնդրին մէջ։ Արդարեւ Փլացա տէ Մայոյի մայրեր իրենց հարուցած դատերով կ՚աջակցին արդարութեան վերահաստատման։
- Իսկ արդեօք հայեր ալ կա՞ն այդ անյայտ կորածներու հետ։
Փլացա տէ Մայոյի մայրերու պայքարը բոլորին կը ներառէ եւ բնականաբար հայերուն ալ։ 1970-ականներուն ամբողջ Արկենդինայի տարածքին բերման ենթարկուած եւ ապա անյայտ կորածներու թիւը կը հասնի 30 հազարի, որոնց մէջ մենք ճշդած ենք 22 հայ անուններ։ Ափսոս որ կը դժուարանանք անոնցմէ մէկ մասին անունները յստակացնելու կամ ընտանիքներէն լրացուցիչ տեղեկութիւններ ստանալու խնդրին մէջ։ Անոնցմէ շատերուն դաղուած վայրն ալ անյայտ է։
ՏԵՆԻԶ ՔԱՅԱ
«Ակօս»