Հալէպահայ Արինա Թէքէեան (19 տարեկան) 4 ժամ լողալէ ետք փրկուած ու հասած է Իզմիր: Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք մեր աղբիւրէն: «Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Իզմիր հասած է նաեւ Արինայի Գերմանիա բնակութիւն հաստատած մօրաքոյրը` վերջինիս օժանդակութիւն ցոյց տալու նպատակով: «Արեւելք» երէկ տեղեկութիւն փոխանցած էր Արինայի հարազատներուն անհետացման մասին: Անոնք շուրջ շաբաթ մը առաջ Պէյրութէն Թուրքիա հասնելով լաստանաւով փորձած էին հատել թրքական ջուրերը եւ հասնիլ Յունաստան: Մինչեւ այս պահը Արինայի հարազատներուն` անոր հօր, մօր, մեծ մօր եւ 10 տարեկան եղբօր` Վահանին մասին տեղեկութիւններ չկան: Թէքէեաններու ընտանիքը որոշած էր Յունաստանէն ցամաքի ճանապարհով Գերմանիա հասնիլ: