Իրաքի տեղական իշխանութիւնները, Իրաքի հարաւը գտնուող Պասրա քաղաքի կեդրոնէն Տիրամօր արձամը հանած են, արձանի բացումի մեկնարկէն ժամեր առաջ: Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը, նշելով, որ արձանի հեռացումը եղած էր նահանգի Քլտան համայնքի արքեպիսկոպոսներու խնդրանքով, համայնքային վէճ չհրահրելու մտավախութեամբ:
Պասրա նահանգի անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Ճապպար ալ-Սաատին «Ֆրանս Բրէս»ին յայտնած է, որ «տեղական իշխանութիւնները արձանը տեղէն հանած են քրիստոնեայ եղբայրներու խնդրանքով, որովհետեւ գաղափարի տէրը ուզած է արձանը զետեղել՝ կայունութիւնը խախտելու նպատակով»:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ արձանը բարձրացնել ուզող կողմը «Պասրայի հայերու Օգնութեան եւ զարգացման» կազմակերպութիւնն է, որ համագործակցութեամբ քաղաքացիական աքթիւիսթներու հետ, Պասրայի կեդրոնը Ապպասիներու շրջանին մէջ յուշարձան փարձրացնելու հանդիսաւոր արարողութեան հրաւէրներ տուած է:
Սակայն իշխանութիւնները երեքշաբթի առաւօտեան ժամը երկուքին հեռացուցած են արձանը եւ անվտանգութեան ուժերը արգիլած են հանրային այգի մօտենալ կամ մտնել:
Պասրայի եւ հարաւի Քլտանիներու արքեպիսկոպոսներու նախագահ Հապիպ Հըրմէզ տեղական իշխանութիւններուն պաշտօնական գիր յղած է, պահանջելով արձանի հեռացումը, ուր նամակին մէջ գրած է. «Ոեւէ քրիստոնեայ կրօնական պատասխանատու համաձայնութիւն չէ տուած այս գործին», ընդգծելով, որ «այս արարքը կրնայ յանգեցնել ծանր հետեւանքներու»:
Հըրմէզ բացատրած է, որ «եթէ մէկը փորձէ վնասել այդ արձանը, Պասրայի տարբեր համայնքներու պատկանող ժողովուրդիn միջեւ յարաբերութիւնները կրնան վնասուիլ»: Արքեպիսկոպոսը նշած է նաեւ, որ «Պասրայի քրիստոնեաներու մօտ 90 տոկոսը 2003-ին գաղթած են, եւ այսօր միայ 350 քրիստոնեայ ընտանիք կ'ապրի, մենք կը վախնանք, որ այս չսերտուած քայլը խառնակութիւն ստեղծէ եւ պատճառ դառնայ մնացեալ ընտանիքներու գաղթին»:
Իր հերթին, Իրաքի մէջ խաղաղ գոյակցութեան ազգային նախագիծի համակարգող Քզար Նըմր ըսած է. «Մենք, որպէս քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններ, աշխատեցանք քրիստոնեայ եղբայրներուն հետ, իսլամ եւ քրիստոնեայ եղաբայրներու միջեւ խաղաղ գոյակցութիւնը խորհրդանշող արձան մը կանգնեցնել եւ ստացանք համապատասխան պաշտօնական համաձայնութիւններ»:
Ան դատապարտելով այս արարքը եւ եկեղեցիներէն ու նահանգի խորհուրդէն պաշտօնական բացատրութիւն պահանջելով աւելցուցած է, «Մեզ զարմացուց նահանգի խորհուրդի եւ անվտանգութեան մարմիններու կողմէ, առանց նախնական զգուշացման, արձանը հեռացնելու գործը»: