Արեւմտեան վերնախաւերը Ուքրանիան վերածած են իրենց գաղութի, ռազմական յենակէտի, որ նշանառութեան տակ կ՚առնէ Ռուսիան։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը:
Ռուսիոյ հետ չորս նոր տարածաշրջաններու վերամիաւորման օրուան առթիւ տեսաուղերձին մէջ ան յիշեցուցած է, որ Մոսկուան փորձած է հասնիլ ուքրանական ճգնաժամի խաղաղ կարգաւորման:
«Մենք չենք լքած մեր քոյրերն ու եղբայրները, փորձած ենք հասնիլ ծանրագոյն հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։ Դուք գիտէք, թէ ինչպով աւարտեցան այդ բանակցութիւնները՝ արեւմտեան վերնախաւերու կողմէ սուտերով, կեղծիքներով եւ խաբէութեամբ, անոնք այս ընթացքին Ուքրանիան վերածեցին իրենց գաղութի, ռազմական յենակէտի, որ նշանառութեան թիրախ կը դարձնէ Ռուսիան»,-ընդգծած է Փութինը։
Ան աւելցուցած է, որ արեւմտեան վերնախաւերը համակարգուած կերպով ատելութիւն եւ արմատական ազգայնականութիւն կը սերմանէին Ուքրանիոյ մէջ, թշնամանք կը հրահրէին այն ամէնու նկատմամբ, որ ռուսական է։
Ռուսիոյ նախագահը յիշեցուցած է, որ Տոնպասը ութ տարի կ՚ապրէր մշտական գնդակոծութիւններու եւ շրջափակման անտանելի պայմաններու մէջ, Նոր Ռուսիոյ բնակիչները հալածանքներու կ՚ենթարկուէին: