Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը Իրանին հրադադար խոստացած էին՝ «Համաս»-ի քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի սպանութեան չարձագանգելու դիմաց: Այս մասին սեպտեմբեր 29–ին կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարած է Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանը։
«Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական երկիրներու ղեկավարներու յայտարարութիւնները, որոնք հրադադար խոստացած էին նահատակ Հանիյէի սպանութեան Իրանի արձագանգի բացակայութեան դիմաց, ամբողջովին կեղծ էին։ Նման յանցագործներուն հնարաւորութիւն տալը միայն նոր յանցագործութիւններու կը դրդէ անոնց»,-ըսած է Փեզեշքիանը:
Միաժամանակ նախագահն ընդգծած է, որ Իսրայէլի յանցագործութիւններն անպատասխան պիտի չմնան: Միւս կողմէ, պատմական փորձը ցոյց կու տայ, որ ազատութեան շարժումները չեն անհետանար անհատներու սպանութենէն ետք։
Ան քննադատած է արեւմտեան լրատուամիջոցներու պահուածքը` նշելով, որ անոնք աչք կը փակեն Իսրայէլի յանցագործութիւններու վրայ:
Փեզեշքիանը նաեւ նշած է, որ «Հըզպալլա»ն պէտք չէ մինակ մնայ Իսրայէլի դէմ պատերազմին մէջ, եւ ընդգծած է, որ արաբական եւ իսլամական երկիրները պատասխանատւութիւն ունին «սիոնիստական ռեժիմի դաժանութեան» յանդիման: