«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրէն ներս` չորեքշաբթի 22 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Արեւմտահայերէնի նուիրուած զրոյց-քննարկում մը՝ «Արեւմտահայերէնը՝ կենսունակ լեզու» խորագրով: Լսարանի զեկոյցը պիտի ներկայացնէ Փարիզի մէջ ԻՆԱԼՔՕ-ի հայկական ամպիոնի վարիչ՝ Դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան: