Յաջողութեամբ պսակուած է Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ ուտելիքներու տարեկան պազարը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հայց. Առաքելական եկեղեցւո Արեւելեան Թեմի պաշտօնական էջէն։
Յիշեցնենք, որ Արեւլեան Թեմը կը հովուէ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, որ շուրջ ամիս մը առաջ երկրորդ շրջանի մը համար վերընտրուած էր այս պաշտօնին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ ներկայացուած հակիրճ լրատւութիւնը.-
Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս) ուտելիքներու տարեկան տօնավաճառը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 15 Հոկտեմբերին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։
Գեղեցիկ օդը սատարեց ձեռնարկի մեծ յաջողութեան, որուն ղեկավարութիւնը ստանձնած էին Արիս Խաչատուրեան եւ Կարօ Թաշճեան։ Հարրի Պետրոսեան եւ իր նուագախումբը ապահովեցին երաժշտական բաժինը, իսկ Համազգայինի «Արցախ» նորակազմ պարախումբը իր առաջին հրապարակային ելոյթը ունեցաւ համավարակէն ետք։