image

Արդեօք Լիբանանի նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հիւա՞նդ է

Արդեօք Լիբանանի նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հիւա՞նդ է

Լիբանանեան լրատուական ծառայութիւններ վերջին օրերուն տարբեր առիթներով գրած են, որ շատ հաւանական է, որ Լիբանանի նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա անցուցած է առողջական լուրջ անհանգստութիւն մը եւ ներկայիս կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ:

Այս մասին նաեւ գրած է «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը, աղբիւրը սակայն չէ նշած, թէ ինչ վիճակի մէջ կը գտնուի նախկին վարչապետ Սինիորան:

Յիշեցնենք, որ որոշ ժամանակի մը համար Լիբանանը կառավարած Ֆուատ Սինիորա կը համարուէր նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ելեւմտական հարցերու գլխաւոր խորհրդականն ու խորհրդատուն: