image

«Արդարութեան ջատագով» մրցանակը հայ ազգի բարեկամ բարոնուհի Քերոլայն Քոքսին

«Արդարութեան ջատագով» մրցանակը հայ ազգի  բարեկամ բարոնուհի Քերոլայն Քոքսին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Հոկտեմբեր 7ին կայանալիք իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, «Արդարութեան Ջատագով» մրցանակը պիտի յանձնէ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ բարոնուհի Քերոլայն Քոքսին՝ գնահատելով Արցախի եւ արցախցիներուն ի նպաստ անոր երկարամեայ ջանքերը, որոնք նաեւ միջազգային հանրութեան ծանօթացուցած են Արցախի դէմ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն անարդարութիւնները։

«Վերջին երեք տասնամեակներուն, բարոնուհի Քերոլայն Քոքսը շարունակաբար իր ձայնը եւ բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դրած է Արցախի մէջ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն հաստատելու ջանքերուն, միաժամանակ լուսարձակի տակ առնելով Ատրպէյճանի կառավարութեան եւ բանակին բռնարարքները», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան:

Նշենք, որ Քոքս 86 առիթներով Արցախ այցելած է՝ սկսած Արցախի պատերազմի օրերէն։ Իբրեւ նախկին հիւանդապահուհի, ան կենսական կարիքը տեսած էր Արցախի մէջ վերականգնողական կեդրոնի մը, եւ 2000 թուականին յաջողած էր հաստատել բարոնուհի Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնը, որ ցարդ իր սպասարկութիւնները մատուցած է աւելի քան 15,000 արցախցիներու, Ստեփանակերտէն մինչեւ հեռաւոր գիւղեր։

Ան նաեւ տարբեր առիթներով Արցախ այցելած է Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի պատուիրակութիւններու հետ, իսկ 2013ին արժանացած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի ձեռամբ։ 2006ին արժանացած է նաեւ «Մխիթար Գոշ» շքանշանին։

Միջազգային մարդասիրական իր գործունէութեան համար, Քոքս մեծարուած է Լեհաստանի կառավարութեան, Համահնդկական քրիստոնէական խորհուրդին կողմէ եւ դոկտորի պատուոյ վկայականներ ստացած է զանազան համալսարաններէ։ 1985-2005 տարիներուն եղած է Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի փոխխօսնակ։

Ան նաեւ հեղինակն է շարք մը հատորներու, որոնց կարգին՝ 1993ին հրատարակուած «Ցեղային Մաքրագործումը Ընթացքի Մէջ Է. Պատերազմ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ» գիրքը։

Յայտնենք, որ Կիրակի, Հոկտեմբեր 7ին կայանալիք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պեվըրլի Հիլզ քաղաքի «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ, կ.ե. ժամը 4:30էն սկսեալ: Ձեռնակը առիթ մըն է քննելու Հայ Դատի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը ու պատուելու Հայ Դատին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել info@ancawr.org հասցէին կամ (818) 500-1918 թիւին:

 

 

Լուրի աղբիւր ՝ «Ասպարէզ»