image

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարաութիւնը Twitter -ի Հարթակին Վրայ Էջ Ունեցաւ

Արցախի  Պաշտպանութեան Նախարարաութիւնը   Twitter -ի Հարթակին Վրայ Էջ Ունեցաւ

 ԼՂՀ- Լեռնային Ղարաբաղի  Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը էջ  բացած է Twitter  ցանցին վրայ: Կառոյցը իր թուիթ-հաղորդագրութիւններու միջոցով գործնական  կերպով կը տեղեկացնէ կարեւոր իրադարձութիւններուն մասին եւ կը հակազդէ ազրպէյճանական քարոզչութեան` կը  գրէ «Արցախփրէս»-ը:@Karabakh_MoD էջը առայժմ ունի 42 հետեւորդ: Իր առաջին եւ առ այժմ միակ հաղորդագրութեամբ էջը անգլերէնով է՝ կը տեղեկացնէ Արցախի դիրքերուն հանդէպ ատրպէյճանական անթոյլատրելի զինուած աշխուժութեան մասին: