«Ընդհանուր առմամբ Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձած է մօտ 47 հազար փախստական։ Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինծառայողներու կողմէ կ'ապահովուի քաղաքացիներու անվտանգ վերադարձը իրենց մշտական բնակութեան վայրեր, կը ցուցաբերուի մարդասիրական օգնութիւն, կը վերականգնուին քաղաքացիական ենթակառուցուածքի կառոյցները»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: