image

Արցախ այցելութեան դէմ Պաքուէն սպառնալիքներ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին

Արցախ այցելութեան դէմ Պաքուէն սպառնալիքներ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին

Պաքուն սպառնալիքներ հնչեցուցած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանի հասցէին։ Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտնած է Կարապետեանի՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցի մասին։

Այդ հաղորդագրութիւնը ջղագրգիռ արձագանգ յառաջացուցած է Պաքուի մէջ՝ ընդհուպ մինչեւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան։  Ադրբեջանի ՊՆ յայտարարութեան մէջ Կարապետեանի այցը կ'որակուի որպէս «անօրինական» եւ «սադրիչ», իսկ այցին նպատակն է «ապակայունացնել իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ եւ ստուեր նետել ռուս խաղաղապահներու գործունէութեան վրայ»։ «Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը զգուշացնէ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, որ ատրպէյճանական տարածքներ նման անօրինական այցերու կրկնման պարագային պիտի ձեռնարկուին անհրաժեշտ միջոցներ՝ յարձակողական անջատողականութիւնը եւ սադրանքները կանխելու համար», կը սպառնայ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը: