image

Արայիկ Յարութիւնեան հրատապ խորհրդակցութեան նիստի հրաւիրած է

Արայիկ Յարութիւնեան հրատապ խորհրդակցութեան նիստի հրաւիրած է

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 10 յուլիսին հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն`իշխանութեան տարբեր թեւերու ներկայացուցիչներու, ուժային գերատեսչութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ։ Այս մասին յայտնած է Արցախի հանրապետութեան նախագահի մամուլի ծառայութիւնը։

«Քննարկուել են Ադրբեջանի կողմից Արցախի Հանրապետութեան դէմ շարունակուող ագրեսիւ քաղաքականութեան  հետեւանքով խորացող հումանիտար եւ անվտանգային խնդիրների լուծման ուղղութեամբ կատարուող քայլերը։ Ընդգծուել է  ներքին ռեսուրսների արդիւնաւէտ օգտագործման եւ Արցախի ապաշրջափակմանն ուղղուած արտաքին քաղաքական ջանքերի ակտիւացման անհրաժեշտութիւնը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։