image

«Առասպել» Փէլէի լաւագոյն կոլերը (Տեսանիւթ)

«Առասպել» Փէլէի լաւագոյն կոլերը (Տեսանիւթ)

Առասպել պրազիլացի Փէլէն յայտնի էր իր անհաւանական տեխնիկայով, արագութեամբ եւ տաղանդով։ Անոր բազմաթիւ կոլերը իսկական ֆութպոլային գլուխգործոցներ են։

Պատմութեան մէջ միակ եռակի աշխարհի ախոյեանը  (1958, 1962, 1970) մահացած է Պրազիլ 29 դեկտեմբերին 82 տարեկանին։

Փէլէի անունն ընդգրկուած է Կինեսի մրցանիշներու գիրքին մէջ 1279 կոլի հեղինակ դառնալու համար։  

Փէլէն պրազիլական «Սանթոսի» կազմէն խաղցած է 1956-1974 թուականներուն, դարձած է Պրազիլի 6-ակի ախոյեան, 5-ակի բաժակակիր, Լիպերթաչորեսի բաժակի խաղարկութեան եւ Միջմայրցամաքային բաժակի խաղարկութեան կրկնակի յաղթող։

Պրազիլի հաւաքականին մէջ անցուցած 92 խաղի ընթացքին Փէլէն խփած է 77 կոլ։

2021-ի աշունէն Փէլէն կը պայքարէր աղիներու քաղցկեղային հիւանդութեան դէմ։ Վերջին ամիսներուն  աւելցած էր երիկամներու եւ սրտի անբաւարարութիւնը։ Անցած ամիս ան վարակուած էր «Քորոնա» ժահրով եւ սուր շնչառական հիւանդութիւն ունեցած։