image

Ապտըլ Հալիմ Հաֆէզ. «Թուխ սոխակ»ի ոդիսականը. Գրեց՝ Արամ Աճէմեան (Տեսանիւթ)

 Ապտըլ Հալիմ Հաֆէզ. «Թուխ սոխակ»ի ոդիսականը. Գրեց՝ Արամ Աճէմեան (Տեսանիւթ)

45 տարի առաջ, 47 տարեկան հասակին, կեանքէն հեռացաւ Եգիպտոսի ամենանշանաւոր երգիչը՝ Ապտէլ Հալիմ Հաֆէզ عبد الحليم حافظ/ (1929-1977)։ Ան իր թրթռուն, զգացական ձայնին շնորհիւ վաստկած էր «Թխադէմք սոխակը» մակդիրը։ Հակառակ տարիներու հոլովոյթին, մինչեւ այսօր տակաւին թարմ կը հնչեն իր սրտայոյզ երգերը, իսկ ամէն տարի իր մահուան տարեդարձին՝ հազարաւոր երկրպագուներ կը շարունակեն այցելել Գահիրէի իր շիրիմը։ 

Մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուս,շատ կը սիրէի Ապտէլ Հալիմ Հաֆէզի երգերը՝ Ֆարիտ էլ Աթրաշի եւ Նաժաթ էլ Սաղիրայի երգերուն հետ միասին։ Երգարաններու միջոցաւ անգիր ըրած էի անոր բոլոր երգերը, որոնք բաղնիքին մէջ մասնաւոր բարձր ձայնով կ՚երգէի մեր վերի յարկի կապուտաչեայ աղջկան ուշադրութիւնը գրաւելու համար։ Սակայն ո՞վ էր Նեղոսի այդ անշուք որդին եւ ինչպէ՞ս կրցաւ հասնիլ իր բարձունքին։

«Շարքյա» նահանգի الشرقية «Հալաուաթ» حلوات աննշան գիւղին մէջ ծնելէն ընդամէնը քանի մը օր ետք կը մահանայ Ապըտլ Հալիպի մայրը, որուն կը յաջորդէ հայրը։ Նախապաշարուած դրացիները կը սկսին անիծել իր աշխարհ գալը։ Մանկութիւնը կ՚անցընէ որբանոցի մը մէջ ուրիշ որբերու հետ, որմէ ետք ան կը յանձնուի աւագ եղբօր խնամակալութեան։ Շրջափակին մէջ մինակ խաղալու ժամանակ, ան կ՚իյնայ բարձր ծառի մը սաղարթէն եւ կը կոտրէ երկու ոտքերը։ Շատ չանցած, գիւղին առուակին մէջ լողալով կը վարակուի «պիլհարզիա/ bilharzia» հիւանդութեամբ։ Տզրուկ մակաբոյծ որդերը բոյն կը դնեն իր օրկաններուն մէջ եւ կը սկսին սնուիլ անոնցմով։ Տարիներ ետք անոնք զգացնել կուտան իրենց ներկայութիւնը, երբ օր մը տեղի կ՚ունենայ իր առաջին արիւնահոսութիւնը։ Նկարահանման պահուն, փորին մէջ սաստիկ ցաւ զգալով, ան կը վազէ բաղնիք եւ արիւն կը փսխէ։ Բժիշկները անկարող կ՚ըլլան դարման մը գտնել իր հիւանդութեան։ Ուստի խորհուրդ կուտան որ Եւրոպա երթայ՝ այնտեղ բուժուելու համար։

Հալիմ, փոքրիկ տարիքէն կը տարուի հռչակաւոր երգահան ու երգիչ Մոհամմատ Ապտըլ Ուահապի երգերով եւ կը փորձէ անոր ձեւով երգել։ Երբ Ապըլ Ուահապ օր մը կուգայ Զակազիկ քաղաքը Հալիմ կ՚աճապարէ համերգին ներկայ գտնուելու, բայց բոլոր տոմսակները արդէն սպառած կ՚ըլլան։ Ճարահատ, ան կը բարձրանայ դիմացի շէնքը՝ տանիքէն դիտելու համար իր պաշտելի երգիչը։ Տարիներ ետք, Հալիմ կը հանդիպի Ապտըլ Ուահապին, երբ իր աստղը սկսած էր փայլիլ։ Անոնք միասին, բեմադրիչ Ուահիտ Ֆարիտին հետ կը հիմնեն ձայնապնակներու եւ ֆիլմերու արտադրութեան ընկերութիւն մը, որուն անունը կը դնեն՝ «Արուեստի ձայն»։

Սակայն ատկէ տարիներ առաջ, Հալիմ նախ կը մտնէ Գահիրէի բարձրագոյն երաժշտանոցը ՝ մասնագիտանալով երաժշտութիւն ստեղծագործելու եւ oboe նուագելու մէջ։ Վկայուելէն ետք քանի մը տարի երաժշտութիւն կը դասաւանդէ Տելթայի երկրորդական վարժարաններու ուսանողուհիներուն։ Գահիրէ հաստատուելէ ետք, ան կը լքէ ուսուցչական ասպարէզը եւ կ՚աշխատի ձայնասփիւռի նուագախումբին մէջ։ Հոն առիթ չի փախցներ մասնակցելու նոր երգիչներու մրցումներուն։ Քանի մը անգամ անտեսուելէ ետք ժիւրիի անդամներէն, վերջապէս օր մը իր երգելու տաղանդը կը յայտնաբերէ հաղորդավարներու տնօրէն՝ Հաֆէզ Ապտըլ Ուահապ, եւ զինք կը հռչակէ որպէս «երգի նորածին աստղ»։ Ի երախտութիւն անոր՝ Հալիմը Հաֆէզէն կը խնդրէ տալ իր արտօնութիւնը, որպէսզի իր անունով կոչուի՝ Ապտըլ Հալիմ Հաֆէզ՝ թօթափելով իր ծննդեան անուն-մականունը՝ Ապտէլ Հալիմ Ալի Շապանա։

Եգիպտոսի լաւագոյն երգահանները իրար հետ կը մրցին նոր երգեր յօրինելով Ապտըլ Հալիմ Հաֆէզին համար։ Ըստ իր ցանկութեան ան կ՚որդեգրէ կարճ երգը՝ արեւմտեան գործիքաւորումով։ Եգիպտական երգարուեստը հիմնովին կը վերափոխուի՝ շնորհիւ երիտասարդ շնորհալի երգահաններ Քամալ էլ Թաուիլին

Մոհամմատ էլ Մուժի , Մունիր Մուրատ եւ Պալիղ Համտի։ Երկար չի տեւեր մինչեւ որ իր սիրային երգերը ասպարէզէն դուրս կը մղեն բոլոր միւս երգիչները։ Հալիմ կը դառնայ նոր սերունդին նախասիրած երգիչը։ Բայց անիկա այդքանով չի բաւարարուիր։ Ան կը սկսի դերերով հանդէս գալ ճերմակ պաստառին վրայ։ Ան նոյնպէս կը ներմուծէ երբեւէ առաջին գունաւոր ժապաւէնը՝ «Տալիլա», ուր գլխաւոր դերով հանդէս կուգայ երգչուհի Շատիային հետ։ 

Ապտըլ Հալիմ Հաֆէզ կը ցուցաբերէ աչքի ինկող խրախուսելի յատկութիւններ եւս, որոնցմէ առաւել ցայտուն են իր հեզութիւնն ու խոնարհութիւնը, իմաստութիւնը, վարպետ դերասանութիւնը եւ բազմաթիւ գործիքներ նուագելու ունակութիւնը (oboe, դաշնակ, կիթառ եւ ուտ)։ Ամենայն բծախնդրութեամբ կը նախապատրաստէ իր նոր երգերը եւ կ՚երգէ զանոնք՝ անձամբ ղեկավարելով «ադամանդեայ նուագախումբը»։ Հակառակ իր բազմաշնորհք տաղանդին, ան միշտ կը մնայ Նեղոսի հովիտի առաքինի, գթառատ ու առատաձեռն զաւակը։ Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ մանուկ որբերուն եւ օգնութեան ձեռք կը մեկնէ կարիքաւորներուն։

Ձայնագրութիւններէն բացի, Հալիմ առաւել գերադասած է բեմի շփումը իր հանդիսատեսներուն հետ։ Ան համերգներով շրջագայած է բոլոր արաբական աշխարհն ու նոյնիսկ Եւրոպա։ 

Մասնաւոր տեղ կը գրաւեն իր 16 գեղարուեստական երկար շարժանկարները, որոնք ցարդ մեծ հաճոյքով կը դիտուին։ Իր վերջին ֆիլմը՝ «Հայրս ծառին վրայ»՝ Եգիպտոսի ամենաերկար ցուցադրուած ժապաւէնն է՝ նկարահանուած Լիբանանի եւ Աղեքսանդրիոյ տեսարժան վայրերուն մէջ։ Տարիներ շարունակ այս շարժանկարը չէր իջներ պաստառներէն։ Իր ֆիլմերուն մէջ նկարահանուած են ժամանակի հանրայայտ դերասան-դերասանուհիներ, որոնցմէ կարելի է յիշատակել.-

Հիսէն Ռիատ, Ֆաթէն Համամա, Օմար Շարիֆ, Զահրէթ էլՕլա, Սուրաժ Մունիր, Ամալ Ֆարիտ, Գարիման, Ահմատ Ռամզի, Մաժտի Ապազա եւ ուրիշներ։

Նախագահ Նասէրի օրով, Հալիմը կուրօրէն կը հաւատայ յեղափոխութեան առաջնորդին եւ իր բոցաշունչ հայրենասիրական երգերով կը ոգեւորէ նոր սերունդը եւ անոնց ուշադրութիւնը կը շեղէ ամէնօրեայ առօրեայ հոգսերէն։ Զարմանալի չէր ուրեմն իր հիասթափութիւնը եւ ապրած խոր վիշտը, երբ 1967 Եգիպտոս պարտութիւն կրեց Իսրայէլէն։ Շատեր Հալիմը սկսան մեղադրել այդ երգերուն համար եւ անոնց ձայնասփռումը արգիլուեցաւ։

Կեանքի վերջին տարիներուն, Ապտէլ Հալիմ Հաֆէզ շրջադարձ կը կատարէ դէպի արաբական երկարաշունչ երգերը եւ դասական արաբերէնով յօրինուած ստեղծագործութիւնները։ Միւս կողմէն սակայն, իր վատառողջ վիճակը կը հալածէ զինք եւ ան դարձեալ կ՚իյնայ հիւանդանոց՝ ենթարկուելով վիրահատական գործողութիւններու։ Մարոքի նախկին թագաւորը՝ Մոհամէտ Հինգերորդ, հայրական հոգատարութեամբ կը հետեւի անոր առողջութեան եւ իր ծախսով կ՚ուղարկէ զինք Ֆրանսա եւ Զուիցերիա՝ բուժուելու համար։

Ապտէլ Հալիմ Հաֆէզ այնպէս ալ չ՚ամուսնանար՝ հակառակ շրջող լուրերուն, թէ գաղտնի պսակուած էր արաբական պաստառի «Մոխրիկ» համարուող Սուատ Հոսնիին հետ։ Հալիմ միշտ կը հերքէր իր անձնական կեանքին վերաբերող լուրերը՝ վախնալով թէ անոնք կրնային ստուերել իր երգարուեստը։ Շատեր կը դժգոհին իր գաղտնապահութենէն եւ կը զրպարտեն զինք՝ ըսելով թէ իր ծանր հիւանդութեան լուրերը սուտ են։ Սակայն իր մօտիկ ընկերները կը վկայեն, թէ ան գիշերները չէր քնանար՝ վախնալով թէ քունին մէջ կը մեռնի։ Միայն ցերեկը անկողին կը մտնէր՝ վստահելով տան մէջ զինք շրջապատող սիրելիներուն։

Իր վերջին երգը կը կոչուի «Սուրճի գաւաթի բախտագուշակը ՝Նազար Քապպանիի բանաստեղծութեամբ եւ Մոհամմատ էլ Մուժիի երաժշտութեամբ։ Հակառակ իր դիւրաբեկ խառնուածքին՝ իր վերջին համերգներուն կը ներկայանայ «սուրճի գաւաթներ» հագած աղմկարար ամբոխ մը, որ սուլելով կը փճացնէ մթնոլորտը եւ կը ծաղրէ զինք։ Հալիմ, խիստ վրդովուած, բեմէն կ՚ընդհատէ իր երգը եւ ամբոխին կը յայտարարէ, թէ ինքն ալ կրնայ սուլել, եւ խօսքէն կ՚անցնի գործի։ Իր ականջ խլացնող սուլոցը կը սթափեցնէ անկառավարելի ամբոխը, որ իսկոյն կը լռէ եւ խելօք կը նստի իր տեղը։ Այս երգը կը դառնայ իր կարապի երգը, ըստ ոմանց՝ իր գլուխ գործոցը։ Շատ չանցած, Լոնտոնի հիւանդանոցին մէջ Հալիմ կ՚աւանդէ իր հոգին եւ իր դին կը բերուի Եգիպտոս՝ թաղուելու համար։ Իր մահուան բօթը անմիջապէս կը վերածուի ազգային ողչի օրուան մը։ Գահիրէի հարիւր հազարաւոր մարդկանց յուղարկաւորութեան թափօրը դագաղը կ՚առաջնորդէ դէպի իր վերջին հանգրուանը։ Դժբախտաբար, ի տես թափօրին, տասնեակ մը պատանի-պատանուհիներ անձնասպան կ՚ըլլան՝ իրենց բնակարանի պատշգամներէն փողոց նետուելով։

Մինչեւ այսօր, Ապտէլ Հալիմ Հաֆէզ կը մնայ արաբական երգարուեստի ամենափայլուն աստղը ՝ Ում Քալսումի կողքին։։ Հալիմ արդարօրէն կը կրէ «Թուխ սոխակ»ը տիտղոսը։ Ո՞վ տակաւին կը յիշէ իր «Ահուաք/ أهواك» երգը, որուն մեղեդին յօրինած էր իր կեանքի ուղեցոյց եւ ընկեր՝ Ապտէլ Ուահապը։ 

Ես բնաւ պիտի չմոռնամ այդ գեղեցիկ երգը՝ մանաւանդ որ մեր Հելիոպոլիսի դրացին անընդհատ կը նուագէր անոր մեղեդին իր դաշնակին վրան։ Ես յափշտակուած կ՚ունկնդրէի իր նուագը՝ եօթներորդ երկինք թեւածելով։ Այստեղ ես փորձ մը կատարած եմ հայերէնի թարգմանել այդ երգին բառերը, որպէսզի արաբերէն չգիտցողները հասկնան եւ կարենան զայն երգել.

«Սէր իմ, 

Կը ցանկամ մոռնալ քեզ,

Թողուլ հոգիս քեզ հետ,

Յանուն սիրոյդ փոյթ չէ

Թէ կորչի…

Մոռնամ,

Թէ դուն զիս կ՚անտեսես,

Տանջըւիմ կամովին,

Արցունքներս քեզ յիշեն.

Ետ դառնամ, 

Քեզմով 

Կ՚ամբողջանայ աշխարհըս, 

Կամքն իր կ՚օծէ մեր սէրը,

Յայնժամ կը մոռցըւին

Իմ ապրած բոլոր զըրկանքներս...»։

 

Գրեց ՝ Արամ Աճէմեան