«Ապրամզ»ի օգտագործումը նպատակայարմար չէ Ուքրանիոյ մէջ

«Ապրամզ»ի օգտագործումը նպատակայարմար չէ Ուքրանիոյ մէջ

Ներկայիս Միացեալ Նահանգները իմաստ չի տեսներ Ուքրանիոյ «Ապրամզ» հրասայլեր տրամադրելու մէջ՝ ատոնց սպասարկման վերաբերեալ դժուարութիւններու պատճառով։

Այս մասին ըսած է Փենթակոնի խօսնակի տեղակալ Սապրինա Սինկհ:

««Ապրամզ»ի պահպանման եւ սպասարկման մեծ ծախսերը պարզապէս անիմաստ կը դարձնեն այդ հրասայլերը Ուքրանիոյ, այս պահուն, տրամադրելը», -ըսած է ան։