image
Հրատապ լուրեր:

Ապպաս Արաքչին պիտի մեկնի Մոսկուա. Օրակարգը ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններն են

Ապպաս Արաքչին պիտի մեկնի Մոսկուա. Օրակարգը ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններն են

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին շաբաթավերջին ծրագրուած այցով պիտի մեկնի Մոսկուա։ Այս մասին յայտնած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Իսմայիլ Պաղային։

«Կ՚ընդգծեմ՝ սա նախապէս ծրագրուած այց է, բայց, ի հարկէ, այս հնարաւորութիւնը պիտի օգտագործուի Մասքաթի մէջ կայացած Իրան-ԱՄՆ բանակցութիւններու հետ կապուած վերջին զարգացումները քննարկելու համար»,-ըսած է դիւանագէտը։

Ապրիլ 12-ին Օմանի մէջ տեղի ունեցած են Իրանի եւ ԱՄՆ-ի անուղղակի բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին կողմերը միջնորդներու միջոցով միտքեր փոխանակած են։ Հանդիպումը տեւած է աւելի քան երկու ժամ։

Ուաշինկթընն ու Թեհրանը կը ծրագրեն մէկ շաբաթէն կրկին հանդիպիլ՝ քննարկելու միջուկային հիմնախնդրի լուծման հիմնական կէտերն ու Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներու հնարաւոր չեղարկումը։