Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի համար կ'ափսոսամ, մեր միջեւ եղած է փոխըմբռնում եւ աշխատանքային լաւ մթնոլորտ: Այս մասին Հանրային Հեռուստաընկերութեան տուած հարզազրոյցին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Հարցին, թէ ինչո՞ւ չէ շնորհաւորած Արցախի նորընտիր նախագահը, Փաշինեանը պատասխանած է, որ ԼՂ «նոր առաջնորդը»՝ Սամուէլ Շահրամանեանը, «շնորհաւորելու շատ բան չկայ, ծանր պարտականութիւն է դրուած նրա վրայ»։
«Կարծում եմ, իրադրութիւնն այնպիսին է, որ շնորհաւորելու շատ բան չկայ էլ, շատ ծանր պարտականութիւն է դրուած նրա վրայ։ Եւ մեր դիրքորոշումները եւ մօտեցումները միջազգային հանրութեան տրամաբանութեան հետ համադրելու եւ չհակադրելու տրամաբանութեամբ պէտք է առաջնորդուել, նաեւ հումանիտար ճգնաժամը չքաղաքականացնելու առումով»,- ընդգծած է Փաշինեան։