Անհեթեթ եւ տգէտ են բոլոր այն պնդումները, թէ միջանցք տրամադրելու հարցով Հայաստանը բանաւոր խոստում տուած է որեւէ մէկուն։ Կառավարութեան նիստի մեկնարկէն առաջ այս յայտարարութիւնը ըրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` անդրադառնալով միջանցքի շահարկման թեմային։
«Ատրպէյճանը շարունակաբար եւ կոպտօրէն խախտում է 2020-ի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտը` պնդելով, թէ ՀՀ-ն պէտք է միջանցք տրամադրի։ ՀՀ տարածքով որեւէ միջանցքի գոյութիւն նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը չի նախատեսում։ Նման բան չի նախատեսում նաեւ Հայաստանի կողմից ստորագրուած որեւէ փաստաթուղթ»,–ըսած է Փաշինեան:
Անոր խօսքով` ՀՀ-ն պատրաստ է եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտի իրականացման, որ տարածաշրջանի տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաշրջափակման մասին է։ Փաշինեան շեշտած է` եռակողմ յայտարարութիւնն այդ առումով ՀՀ ինքնիշխանութեան որեւէ սահմանափակում չի նախատեսեր, եւ ՀՀ–ն ցանկացած պահի պատրաստ է ճանապարհներու կառուցման, ինչպէս նախատեսուած է ՀՀ օրէնսդրութեամբ։